Մարզական

Թենիս.  Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին  Երրորդ Յաղթանակը

Թենիս. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականին Երրորդ Յաղթանակը

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի թենիսի ոչ պաշտօնական ախոյեանութեան «Պիլի Ճին Քինկ» բաժակի մրցաշարքին եւրոպական գօտիի Գ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց թենիսի հաւաքականը արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կիպրոսը: Նախորդ երկու հանգրուաններուն, Գայեանէ Մովսիսեանի գլխաւորած կազմը յաղթած էր Մոնթենեկրոյին եւ Սան Մարինոյին երկուքն ալ` 2-1 արդիւնքով: Իր կատարելիք վերջին մրցումին, եթէ Հայաստան...

Եւրոպական Խաղեր-Լեհաստան.  Հայաստանի Աթլեթիզմի Հաւաքականը Գրաւեց  Խմբային Ախոյեանութեան 10-րդ Դիրքը

Եւրոպական Խաղեր-Լեհաստան. Հայաստանի Աթլեթիզմի Հաւաքականը Գրաւեց Խմբային Ախոյեանութեան 10-րդ Դիրքը

Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող եւրոպական երրորդ խաղերուն վերջ գտան Եւրոպայի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Հայաստանի խումբը, որ մասնակցեցաւ Գ. դասակարգի մրցումներուն, գրաւեց 10-րդ դիրքը: 4 x 400 մեթր փոխանցավազքի մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի քառեակը, արձանագրելով 3' 29'' 99 արդիւնք մը, գրաւեց առաջին դիրքը, վերջնական արդիւնքով Բ. խմբակին մէջ գրաւելով 5-րդ դիրքը: Հայրենի մարզիկները 3 երկվայրկեանի...

Օլիվիէ Ժիրուի Մարզաշապիկը Վաճառուեցաւ`  «Հայաստանի Մէջ Քրիստոնեաներու Համար»  Աճուրդին Ընթացքին

Օլիվիէ Ժիրուի Մարզաշապիկը Վաճառուեցաւ` «Հայաստանի Մէջ Քրիստոնեաներու Համար» Աճուրդին Ընթացքին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ` Օլիվիէ Ժիրուի մարզաշապիկը (թիւ 9), որուն հետ ան մասնակցեցաւ Անգլիոյ դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին, վաճառուեցաւ 35 հազար եւրոյի, «Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներու համար» աճուրդին ընթացքին: Վերոնշեալ մրցումին, Օլիվիէ Ժիրու նշանակած էր ֆրանսայի խումբին յաղթանակի (2-1) կոլը` 78-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ այդ մարզաշապիկը գնողին անունը չյայտարարուեցաւ:    

Հայկական Ֆութպոլ.  Արման Յովհաննիսեան Հեռացաւ Արարատէն

Հայկական Ֆութպոլ. Արման Յովհաննիսեան Հեռացաւ Արարատէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Արման Յովհաննիսեան հեռացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերէն Արարատէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախորդ փետրուարին միացած էր Արարատին, անոր հետ կատարեց 6 մրցում` առանց կոլ նշանակել կարենալու կամ էսիսթի հեղինակ դառնալու: Ըստ հայկական մարզական մամուլին, Յովհաննիսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փիւնիկ Երեւանի հետ:  

Չճանչցուած Երկիրներու Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Զտումի  Մրցումներուն Մասնակցելու Իրաւունք Ստացաւ

Չճանչցուած Երկիրներու Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Զտումի Մրցումներուն Մասնակցելու Իրաւունք Ստացաւ

Անկախ ֆութպոլի ֆետերասիոններու կազմակերպութեան («ՔՈՆԻՖԱ») պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Արցախի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը չճանչցուած երկիրներու աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն մասնակցելու իրաւունք ստացաւ: Եւրոպայի գօտիին մէջ, Արցախի խումբը 10 յուլիսին Սոխումիի Տինամօ մարզադաշտին մէջ պէտք է մրցի Աբխազիոյ դէմ: Սակայն Արցախի մասնակցութիւնը այդ մրցումին վտանգուած է` նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ապօրինի շրջափակումը: Չճանչցուած երկիրներու աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի...

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Կռփամարտի  Միջազգային Ֆետերասիոնը Զրկեց Ճանաչումէն

Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Կռփամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնը Զրկեց Ճանաչումէն

Իր գումարած արտակարգ նիստին ընթացքին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն արտակարգ որոշում մը տալով կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը զրկեց ճանաչումէն, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը: Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ճանաչումէ զրկելու որոշումին թեր քուէարկած են Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր յանձնախումբին 70 անդամներէն 69-ը, մինչ մէկ անդամ դէմ եղած է այդ որոշումին: Նշենք, որ կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի ռուս նախագահ Ումար Քրեմլեւ նախորդ 14 յունիսին...

«Լա Լիկա».  2023-2024 Տարեշրջանի Մեկնարկը  Պիտի Տրուի Ուրբաթ, 11 Օգոստոսին

«Լա Լիկա». 2023-2024 Տարեշրջանի Մեկնարկը Պիտի Տրուի Ուրբաթ, 11 Օգոստոսին

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Լա Լիկա»-ին 2023-2024 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի ուրբաթ, 11 օգոստոսին, երբ տեղի պիտի ունենայ Ա. հանգրուանի բացման մրցումը: Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի ճակատումները (11-րդ եւ 32-րդ հանգրուան) տեղի պիտի ունենան 28-29 հոկտեմբեր 2023 եւ 20-21 ապրիլ 2024 ժամանակամիջոցին: Ռէալ Մատրիտ-Աթլեթիքօ Մատրիտ մատրիտեան տերպիի մրցումները (6-րդ...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Նաչօ  Ֆերնանտեսի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Նաչօ Ֆերնանտեսի Պայմանագրութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտ մինչեւ յունիս 2024 երկարաձգեց սպանացի յետսապահ Նաչօ Ֆերնանտեսի պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆերնանտես, որ Ռէալ Մատրիտի սան է եւ անոր մաս կը կազմէ 22 տարիէ ի վեր, գլխաւոր խումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 319 մրցումի եւ տիրացած 23 տիտղոսի: Աւարտած տարեշրջանին 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը բերաւ 44 մրցումի, նշանակեց...

Էտին Ծեքօ Ինթեր Միլանէն  Տեղափոխուեցաւ Ֆեներպահչէ

Էտին Ծեքօ Ինթեր Միլանէն Տեղափոխուեցաւ Ֆեներպահչէ

Ինթեր Միլանին մաս կազմող պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ իր ակումբը լքելով տեղափոխուեցաւ Թուրքիա եւ միացաւ Ֆեներպահչէին: 37 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ինթերին մաս կը կազմէ 2021-էն ի վեր, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 52 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ: Ան մաս կազմած է նաեւ Վոֆսպուրկի, Մանչեսթըր Սիթիի, Ա. Էս. Ռոմայի եւ այլ ակումբներու: «Թրանսֆերմարքթ»...

Մեսսի Եւ Եոքիչ` «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի Տարուան  Լաւագոյն Մարզիկի Չորս Թեկնածուներու Կարգին

Մեսսի Եւ Եոքիչ` «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկի Չորս Թեկնածուներու Կարգին

Աշխարհի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի երեք այլ մարզիկներու հետ նկատի առնուած է «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ի 2022 տարուան լաւագոյն մարզիկի թեկնածուներուն կարգին: Ամերիկեան պարբերաթերթին կողմէ տրուող «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ՈՒԱՅ.» մրցանակին, որ կը տրուի իւրաքանչիւր տարի, Մեսսիէն բացի թեկնածու են նաեւ, «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի նորընծայ ախոյեան Տենվըր Նակեթցի սերպ պասքեթպոլիստ Նիքոլա Եոքիչ, ամերիկեան ֆութպոլի Քանսաս...

Մեկնարկը Տրուեցաւ Եւրոպական  Երրորդ Խաղերուն

Մեկնարկը Տրուեցաւ Եւրոպական Երրորդ Խաղերուն

Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ սկսած եւրոպական երրորդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 57 երկսեռ մարզիկով: Լեհաստանի 13 քաղաքներուն մէջ 12 օրուան ընթացքին ներկայ պիտի ըլլան շուրջ 50 երկիրներէ աւելի քան եօթը հազար երկսեռ մարզիկներ, որոնք պիտի մասնակցին 26 մարզաձեւերու մրցումներու: Հայաստան ներկայացուցիչներ պիտի ունենայ հետեւեալ տասը մարզաձեւերուն մէջ. Աթլեթիզմ, լողարշաւ, քարաթէ, նշանառութիւն, թեքուանտօ, կռփամարտ, սուսերամարտ, ճատրակ, Մուա-Թայ եւ...

Հենրիկ Նալբանդեան` Հայաստանի  2022-2023 Տարեշրջանի  Լաւագոյն Ֆութպոլի Իրաւարարը

Հենրիկ Նալբանդեան` Հայաստանի 2022-2023 Տարեշրջանի Լաւագոյն Ֆութպոլի Իրաւարարը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն իրաւարար ընտրուեցաւ Հենրիկ Նալբանդեան: Լաւագոյն իրաւարարի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ` նկատի առնելով իրաւարարներուն սուլած մրցումներուն քանակը, արդիւնքները եւ անոնց ստացած միջին գնահատականները: Իսկ տարեշրջանի լաւագոյն օգնական իրաւարարը ընտրուեցաւ Մեսրոպ Ղազարեան:

Հենրիխ Մխիթարեան Պատրաստ Է  Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելու  Ինթեր Միլանի Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան Պատրաստ Է Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրելու Ինթեր Միլանի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան պատրաստ է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու իր ակումբին` Ինթեր Միլանի հետ, այս մասին յայտնեց 34 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Ռաֆայելլա Փիմենթա: 2022-ին Ինթերին միացած Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը թէեւ կ՛աւարտի տարի մը ետք, սակայն այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու պատրաստ է հայրենի ֆութպոլիստը: 2022-2023 տարեշրջանին իր կազմին հետ 49 մրցում կատարած Մխիթարեան նշանակեց 5...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արտակ Գրիգորեան Հեռացաւ  Ալաշկերտէն

Հայկական Ֆութպոլ. Արտակ Գրիգորեան Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Արտակ Գրիգորեան, հեռացաւ իր ակումբէն` Ալաշկերտէն, նկատի ունենալով, որ երեւանեան ակումբը չերկարաձգեց ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը: 35 տարեկան Գրիգորեան, որ 2015-ին միացաւ Ալաշկերտին, երկար տարիներ եղաւ կազմին խմբապետը եւ անոր հետ տիրացաւ շարք մը տիտղոսներու: Ըստ հայկական մարզական մամուլին, շատ հաւանական է, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Փիւնիկ Երեւանի հետ:

Թենիս. Պերլինի Մրցաշարք.  Էլինա Աւանեսեան Ապահովեց  Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Պերլինի Մրցաշարք. Էլինա Աւանեսեան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ ռուս Աննա Պլինքովայի դէմ: Աշխարհի միջազգային դասաւորման 81-րդ դիրքին վրայ գտնուող հայազգի թենիսվումընը 44-րդ դասուած իր մրցակիցին դէմ արձանագրեց 1-6, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Աւանեսեան պիտի մրցի խրուաթ Տոննա Վեքիչի դէմ (23-րդ),...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Թոնի Քրուսի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Թոնի Քրուսի Պայմանագրութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուսի հետ: 33 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024: Քրուս, որ արքայական ակումբին միացաւ 2014-ին, նախորդ տարեշրջանին Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 52 մրցումի, նշանակեց 2 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:

Լուքա Մոտրիչ Մտադիր Է Մասնակցիլ  «Եւրօ-2024»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Լուքա Մոտրիչ Մտադիր Է Մասնակցիլ «Եւրօ-2024»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող 37 տարեկան միջնապահ` Լուքա Մոտրիչ մտադիր է իր մասնակցութիւնը բերել «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց խրուաթական մարզական մամուլը: Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Սպանիայէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք, ան հեռանայ միջազգային ասպարէզէն: Սակայն այժմ կը նշուի, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, անոր համար...

Մուրինիօ Չորս Մրցումով  Կախակայուեցաւ

Մուրինիօ Չորս Մրցումով Կախակայուեցաւ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ, եւրոպական մրցաշարքերու գծով չորս մրցումով կախակայուեցաւ: Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումէն ետք, 60 տարեկան Մուրինիօ անպատուած էր օրուան իրաւարարները: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` անգլիացի Անթոնի Թէյլըր, վեց դեղին քարտ տուած էր իտալական կազմի ֆութպոլիստներուն, ինչ որ զայրացուցած էր Մուրինիոն: Ա....

Հերի Քէյն Կը Փափաքի Միանալ  Մանչեսթըր Եունայթըտի

Հերի Քէյն Կը Փափաքի Միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին կը փափաքի միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտի, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ Թոթենհամ իր ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը տալու համար կը պահանջէ 117 միլիոն եւրօ: Սակայն իր կազմին միացնելու համար 29 տարեկան ֆութպոլիստը, Եունայթըտ այդքան գումար պատրաստ չէ վճարելու: Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ` Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Հայկական Ակումբներուն Ա. Հանգրուանի  Մրցումներուն Մրցակիցները

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Հայկական Ակումբներուն Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Մրցակիցները

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանին Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, պրոնզէ մետալակիր Արարատ-Արմենիա եւ լաւագոյն քառեակը ամբողջացուցած Ալաշկերտ: Փիւնիկի Ա. հանգրուանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նարվա Թրանս (Էսթոնիա), Արարատ Արմենիայի մրցակիցը` Էկնաթիա (Ալպանիա), իսկ Ալաշկերտի մրցակիցը` Արսենալ Թիւաթ (Մոնթենեկրօ): Հայկական երեք ակումբներն ալ երթի մրցումները պիտի կատարեն իրենց դաշտերուն վրայ: Նշենք, որ զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ...

Page 283 of 1280 1 … 282 283 284 … 1,280

Արխիւներ