Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի եւ Լաթվիոյ վեթերաններու ֆութպոլի խումբերը:
Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 8-5 արդիւնքով:
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան հայրենի կազմը գրեթէ ինք եղաւ աւելի տիրապետողը, սակայն մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ օրուան յաղթականը հանդիսացաւ Լաթվիա:


