Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներու ընթացքին, Գերմանիոյ եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբերը անակնկալ պարտութիւններ կրեցին:
Գերմանիա, որ հիւրընկալեց Քոլոմպիան, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հարաւային ամերիկեան կազմին կոլերը նշանակեցին Եուվենթուսի միջնապահ Խուան Քուատրատօ եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուիս Տիաս:
Հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ իր դաշտին վրայ կրեց 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը` Սենեկալէն:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Սատիօ Մանէ, մինչ Պրազիլի կոլերը նշանակեցին Լուքաս Փաքեթա եւ Մարքինիոս:
Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի խմբապետը` Մարքինիոս, նշանակեց այլ կոլ մըն ալ` սխալմամբ իր բերդին մէջ: