Նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Վեկաս-75» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւններէն մէկն էր հայ մարտիկ Արման Ծառուկեանի եւ պրազիլցի Ժոաքիմ Սիլվայի ճակատումը թեթեւ քաշային կարգին մէջ:
Այս մենամարտը վերջ գտաւ ժամանակէն առաջ, երբ 26 տարեկան Ծառուկեան, 2-րդ ռաունտին թեքնիք նաք աութով յաղթեց իր մրցակիցին:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց նաեւ այլ հայ մարտիկ մը` Արմէն Պետրոսեան, որ կիսաթեթեւ քաշային կարգին մէջ, իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ անգլիացի Քրիսթիան Տանքայի դէմ:
Նշենք, որ Ծառուկեան ցարդ իր կատարած 23 մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած է 20 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն, մինչ Պետրոսեան 9 մենամարտի ընթացքին` 7 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն:


