Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած Արսէն Եղիազարեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Հայկ Մարտիրոսեան:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արսէն Եղիազարեանի լաւագոյն սաները եւ ընկերները` Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Տիգրան Պետրոսեան, Աշոտ Նաթանեան եւ Արթուր Դաւթեան:
Լաւագոյն եռեակին մէջ եղան նաեւ Մանուէլ Պետրոսեան (2-րդ) եւ Տիգրան Յարութիւնեան (3-րդ):