«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Լաթվիան:
Ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը (յաջորդական` երկրորդը), 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը, որ այսպիսով կրեց մրցաշարքի իր երրորդ պարտութիւնը:
Մրցումին 32-րդ վայրկեանին, Պոքա Ժունիորզին մաս կազմող յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ Բալեկեան վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել, եւ անոր փոխարէն դաշտ ներկայացաւ լեհական Փոկոնի մաս կազմող միջնապահ Վահան Բիչախչեան:
35-րդ վայրկեանին, օգտուելով Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արտակ Դաշեանի փոխանցումէն, Լոքոմոթիւ Մոսկուայի յետսապահ Նայիր Տիկնիզեան սքանչելի հարուածով մը նշանակեց հանդիպումին առաջին կոլը:
Սակայն 67-րդ վայրկեանին, Լաթվիա յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել:
89-րդ վայրկեանին օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Փիթըր Քրալովիչ (Սլովաքիա), ի նպաստ Հայաստանի սուլեց փենալթի մը` նկատի ունենալով, որ գնդակը դպաւ հիւր կազմին մէկ մարզիկին ձեռքին:
Հայրենի կազմին յաղթանակի եւ մրցումին երրորդ կոլը փենալթիով նշանակեց Սլովան Պրաթիսլաւայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Մրցումին դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած համակիրներուն կողքին ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած, ՖԻՖԱ-ի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն, հայազգի Եուրի Ճորքայէֆ, որ ՖԻՖԱ-ին «Ֆորուըրտ» ծրագիրի յաղթողի մրցանակը յանձնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան իր տրամադրութեան տակ ունենալով վեց կէտ (երեք մրցումէ), բարձրացաւ երկրորդ դիրք` երեք կէտով ետ մնալով Թուրքիայէն, որ կատարած է չորս մրցում:
Խրուաթիա, որ կատարած է երկու մրցում, 4 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը:
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ յառաջիկայ 8 սեպտեմբերին` հիւրը ըլլալով Թուրքիոյ:





