Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Նոայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ` Ռումեան Յովսէփեան եւ յառաջապահ Արթուր Միրանեան միացան կազմին:
Երկու ֆութպոլիստներն ալ Նոային միացան իբրեւ ազատ ֆութպոլիստներ:
Ռումեան Յովսէփեան նախապէս խաղացած է Հայաստանի, Պուլկարիոյ, Ուքրանիոյ եւ Մալթայի ախոյեանութիւններուն:
31 տարեկան Յովսէփեան, որ Փիւնիկ Երեւանի սան է, նախորդ տարեշրջանին մաս կազմեց Չարենցաւանի Վանին:
Իսկ 27 տարեկան Արթուր Միրանեան, որ Շախտիոր Տոնեցքի սան է, նախապէս մաս կազմած է ուքրանական ակումբի 17 եւ 19 տարեկանէն վար խումբերուն:
Ան մաս կազմած է նաեւ մակեդոնական Վարտարին, Փիւնիկ Երեւանին եւ Ուրարտուին, մինչ անոր վերջին ակումբն էր Ալաշկերտը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ամառ: