Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի պատանեկան ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը իր ելոյթները աւարտեց յաղթանակով, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 75-52 արդիւնքով յաղթելով Ճիպրալթարին, գրաւեց դասաւորման 5-րդ դիրքը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Քեւին Դեհբաշեան (18 կէտ):
Այս ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին, Հայաստան 102-44 արդիւնքով յաղթեց Սան Մարինոյին, ապա` Կիպրոսին (76-63), երրորդին պարտուեցաւ Ազրպէյճանէն (92-58), որմէ ետք արձանագրեց երկու յաղթանակ եւս, Ալպանիոյ (87-59) եւ Մալթայի (93-36) դէմ: