Սլովենիոյ Մարիպոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի երիտասարդական ողիմպիական փառատօնի մարմնամարզութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Համլեթ Մանուկեան, ոսկի մետալի տիրացաւ` օղակներու մրցումներուն ապահովելով 13.666 կէտ:
Նոյն մրցումներուն, Մամիկոն Խաչատրեան, ապահովելով 12.800 կէտ, գրաւեց դասաւորման 8-րդ դիրքը:
Նախքան պրոնզէ մետալի տիրանալը, Խաչատրեան նժոյգի մրցումներուն տիրացած էր ոսկի մետալի (13.966), մինչ Ռոպերթ Գիւլումեան` պրոնզ մետալի, ազատ ոճի մրցումներուն:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը խմբային մրցումներուն գրաւած էր երրորդ դիրքը (156.500):