Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լացիօ Ռոմա ռուսական Տինամօ Մոսկուայի հետ փոխհամաձայնութեան եկաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արսէն Զախարեանի փոխանցման գծով, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբը 20 տարեկան ֆութպոլիստին համար պիտի վճարէ 10 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 4 միլիոն եւրօ պարգեւավճար:
Զախարեան Տինամոյի գլխաւոր կազմին հետ դաշտ կը ներկայանայ 2021-էն ի վեր:
Անոր պայմանագրութիւնը ռուսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 15 միլիոն եւրոյով: