Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը չորս տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց «ՍԻ. ԷՍ. ԱՅ.» ընկերութեան հետ:
Վերոնշեալ ընկերութիւնը յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին պիտի ըլլայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին հովանաւորը:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, հովանաւոր ընկերութեան ընդհանուր պատասխանատու Զիատ Ղաթթաս, ազգային խումբի մարզիչ Ժատ Հաժ, շարք մը մարզիկներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Իրենց խօսքերուն մէջ, Հալապի եւ Ղաթթաս Լիբանանի ազգային խումբին մաղթեցին յաջողութիւն` միջազգային մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն գծով: