Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան կը փափաքի իր կազմին միացնել աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի եւ Ասթոն Վիլայի բերդապահ Էմիլիանօ Մարթինեզը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Ինթեր պատրաստ է 30 տարեկան բերդապահին փոխանցման համար վճարելու 15 միլիոն եւրօ, մինչ անոր ակումբը կը պահանջէ 25 միլիոն եւրօ:
Հակառակ ասոր սակայն, բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Ասթոն Վիլայի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027:
Միլանեան ակումբը ամէն գնով փոխարինող մը կը փնտռէ քամերունցի բերդապահ Անտրէ Օնանային, որ միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի: