Ռումանիոյ Եաս քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի տղոց հաւաքականը մրցաշարքը սկսաւ երկու յաղթանակով:
Առաջին մրցումին Հայաստան 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ:
Էրիկ Չաքրեան, Արսէն Դաւթեան եւ Ալեքս Սահակեան յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Ռոպերթ Փիլիպոսեան` հաւասարութիւն մը:
Իսկ Հունգարիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2,5-1,5), Ռոպերթ Փիլիպոսեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Էմին Օհանեան, Էրիկ Չաքրեան եւ Արսէն Դաւթեան` հաւասարութիւններ:
Սակայն 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը` Լեհաստանէն, 2,5-1,5 արդիւնքով:
7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան կը մրցի Ռումանիոյ Ա. խումբին դէմ: