Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը երկու մարզիկով կը մասնակցի նախորդ շաբաթավերջին Չինաստանի Շենկտու քաղաքին մէջ սկսած համաշխարհային ուսանողական խաղերուն, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 8 օգոստոս:
Հայաստանի համար պիտի փորձեն մետալներ ապահովել Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Անոնց մարզիչն է Սօս Սարգսեան, մինչ պատուիրակութեան հետ Չինաստան մեկնեցաւ նաեւ իրաւարար Յակոբ Սերոբեան:
Նշենք, որ համաշխարհային ուսանողական խաղերը յետաձգուած էին 2021-էն` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով:


