Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 20 եւ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գառնիկ Չոլաքեան (61 քկ) 23 տարեկանէն վար մրցումներուն հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 198 քկ (112+86) արդիւնք մը:
Երկրորդ հանդիսացած սպանացի Խոսէ Տաւիտ Փարատես երկամարտի արդիւնքներուն լոյսին տակ 17 քիլոկրամով զիջեցաւ Չոլաքեանին:
Իսկ Գոռ Սահակեան Հայաստանին ապահովեց արծաթ մետալ մը` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 311 քկ արդիւնք մը (140 եւ 171):
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Մարթին Պօղոսեան, տիրացաւ պրոնզ մետալին` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 308 քկ արդիւնք մը (136 եւ 172):
Իր կարգին, Ալեքսանտրա Գրիգորեան (59 քկ) 20 տարեկանէն վար մրցումներուն պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 198 քկ (112+86) արդիւնք մը:
Նախքան այդ, 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Տիգրան Կարապետեան (67 քկ) հանդիսացած էր փոխախոյեան, մինչ Սէյրան Խուդանեան (55 քկ) եւ Մերուժան Եղոյեան (61 քկ)` պրոնզէ մետալակիր: