Քոնկոյի մայրաքաղաք Քինշասայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկսած ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 6 օգոստոս, Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 19 մարզիկով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցումներուն առաջին օրը, ազատ ոճի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Վրէժ Գէորգեան (61 քկ) տիրացաւ ոսկի մետալին, Հրաչեայ Մարգարեան (65 քկ)` արծաթ մետալին, իսկ Առաքել Մովսիսեան (57 քկ)` պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ հինգ մարզաձեւերուն մէջ. աթլեթիզմ, ազատ ոճի ըմբշամարտ, ժիւտօ, փինկ փոնկ եւ հեծելարշաւ:
Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս խաղերուն մասնակցելու իրաւունք ունին Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 88 լիիրաւ անդամները, ինչպէս նաեւ` դիտորդ պետութիւններու 18-35 տարեկան մարզիկները:
Այս տարի սոյն խաղերուն մասնակցելու իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 38 երկիրներ, որոնց կարգին` Հայաստան (անոնց կը մասնակցի չորրորդ անգամ ըլլալով):
Նշենք, որ Հայաստան 2009-էն ի վեր կը մասնակցի այս խաղերուն: