Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Պելճիքայի կրան փրին աւարտեցաւ աշխարհի ախոյեան նետերլանտցի Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 22’30” արդիւնք մը:
Այսպիսով, Մաքս Վերսթափեն արձանագրեց իր 8-րդ յաջորդական յաղթանակը, իսկ 10-րդը` այս տարեշրջանին:
Անոր ետին անոր խմբակից Սերճիօ Փերես հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ֆեռարի»-ի մաս կազմող Շարլ Լեքլերք:
Անոր խումբը` «Ռետ Պուլ», այսպիսով «Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց` նկատի ունենալով, որ արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ, Վերսթափեն այժմ ապահոված է 314 կէտ, Փերես` 189 կէտ, մինչ Ֆերնանտօ Ալոնսօ (Ասթոն Մարթին)` 149 կէտ:
Տարեշրջանի յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 27 օգոստոսին, Նետերլանտներու մէջ: