Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Նասըր բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ մրցեցան իրարու դէմ:
Անոնց միջեւ այս հանդիպումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար թէեւ ֆրանսական խումբին հետ մեկնեցաւ Ճափոն, սակայն մրցումին չմասնակցեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան ամբողջութեամբ չէ ապաքինած իր կատարած վիրաբուժութենէն ետք:
Իսկ Նասըրին մաս կազմող փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մրցումին մասնակցեցաւ 66 վայրկեան:
Փարիզեան ակումբը երեքշաբթի, 1 օգոստոսին, ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցումի մը ընթացքին կը մրցի Ինթեր Միլանի դէմ: