Մարզական

«Ֆորմիւլա 1».  Պրազիլի Կրան Փրիին Համիլթըն Կրնա՞յ Լաւ Արդիւնք Ձեռք Ձգել

«Ֆորմիւլա 1». Պրազիլի Կրան Փրիին Համիլթըն Կրնա՞յ Լաւ Արդիւնք Ձեռք Ձգել

Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Սան Փաոլոյի (Պրազիլի) կրան փրին, որ անցեալ տարի «Մերսետես»-ի վառորդ Ճորճ Ռասըլ շահած էր վերջին անգամ: «Մերսետես» այդ մրցումէն ետք չկրցաւ որեւէ կրան փրիի առաջին դիրքը գրաւել, բայց այս տարի Լուիս Համիլթըն իր կարելին պիտի ընէ անպայման յաղթանակ արձանագրելու: Այժմ ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը գրաւելու մրցակցութիւն կայ, Սերխիօ Փերեսի (240) Լուիս Համիլթընի (220) Քարլոս Սայնցի...

Թենիս.  Ժապեր Յաղթեց Եւ «Խաղաղութիւն  Մաղթեց Աշխարհին»

Թենիս. Ժապեր Յաղթեց Եւ «Խաղաղութիւն Մաղթեց Աշխարհին»

Աշխարհի թիւ 6 թենիսվումըն Օնս Ժապեր երէկ յաղթեց թիւ 7 թենիսվումըն չեխ Մարքեթա Վոնտրուսովային` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով: Ժապեր, որ ձեւով մը «վրէժ լուծեց» Ուիմպըլտընի աւարտականի պարտութեան` Վոնտրուսովային դէմ, մրցումէն ետք շատ ազդուած էր եւ յայտնեց, թէ «որքան որ փորձէ կեդրոնանալ, գրեթէ անկարելի է անտեսել Կազայի մէջ տեղի ունեցածը»: «Որքան որ փորձես հեռու մնալ համացանցէն կամ պատկերասփիւռի կայաններէն, անկարելի է...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 130-125

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 130-125

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, ծայր աստիճան «տաք» մրցումէ մը ետք, Լոս Անճելըս քաղաքի մրցակցութեան, Լէյքըրզ պէտք ունեցաւ յաւելեալ վայրկեաններու` պարտութեան մատնելու Քլիփըրզը: Մրցումին բնական արդիւնքը աւարտելէ ետք, յաւելեալ ժամանակին (5 վայրկեան) Լէյքըրզ 13-8 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Վերջին 11 մրցումներուն Լէյքըրզ 11 անգամ ձախողած էր պարտութեան մատնել Քլիփըրզը: Լըպրոն Ճէյմս 35 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Օսթըն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Հուփս 92-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Հուփս 92-79

Երեքշաբթի գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի առաջին մրցումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Հուփսի միջեւ: Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի այս մրցումը սկսաւ բաւական զգուշ, մանաւանդ որ բազմահազար համակիրները բաւական ճնշում դրած էին մասնաւորաբար մեր տղոց վրայ` սպասելով հանգիստ յաղթանակի մը: Առաջին մասին (10 վայրկեան) 23-18 արդիւնքով յառաջացած մեր տղաքը քիչ մը դժուարութիւն ունեցան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Սան Անթոնիօ Վերջին Երկվայրկեանին  Յաղթեց Ֆէօնիքսի` 115-114 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Վերջին Երկվայրկեանին Յաղթեց Ֆէօնիքսի` 115-114 Արդիւնքով

Ֆէօնիքս Սանզ երէկ կը հիւրընկալէր Սան Անթոնիօ Սփըրզը իր դաշտին վրայ: Մրցումը շատ լաւ կ՛ընթանար ի նպաստ Ֆէօնիքսի, որ 27-18 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին: Կիսախաղին 63-45 յաղթական Ֆէօնիքս կը սուրար դէպի յաղթանակ: 3-րդ մասին Սան Անթոնիօ մօտեցաւ տարբերութիւնը նուազեցնելով 12-ի: 4-րդ մասին, երբ 13 եղաւ տարբերութիւնը, նորեկը Վիքթոր Ուեմպանիամա եւ ընկերները հետզհետէ մօտեցան Ֆէօնիքսի: Ֆրանսացի Ուեմպանիամա, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի...

Թենիս.  Ալքարաս Եւ Մետվետեւ Դուրս Մնացին

Թենիս. Ալքարաս Եւ Մետվետեւ Դուրս Մնացին

Աշխարհի թիւ 2 եւ թիւ 3 թենիսմեններ Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) եւ Տանիիլ Մետվետեւ (Ռուսիա) անակնկալ պարտութիւններ կրեցին Փարիզի փակ մրցաշարքին: «Էյ. Թի. Փի.» 1000 մրցաշարքերու շարքին այս մրցաշարքի թիւ 1 դասուած աշխարհի թիւ 1 թենիսմէն Նովաք Ճոքովիչ 1 ժամ 24 վայրկեանի ընթացքին 6-3, 6-2 արդիւնքով դուրս ձգեց թիւ 31 Թոմաս Մարթին Էչեվերին: Ռոմաս Սաֆիուլին (Ռուսիա) 1 ժամ 37 վայրկեանէն դուրս...

Ռոնալտօ Կ՛ուզէ Փոխարինել… Իրաւարարը

Ռոնալտօ Կ՛ուզէ Փոխարինել… Իրաւարարը

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին, «շատ տաք» մրցումի մը ընթացքին, Նասր ակումբը, որուն մաս կը կազմէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, յետ երկարաձգման 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էթթիֆաքը: Մրցումը քանի մը անգամ ընդհատուեցաւ, կարճ թաքըլներէ ետք, ուր չիլիցի իրաւարար Փիետրօ Մասա բաւական «շուարած» վիճակի մատնուեցաւ եւ շուարեցաւ նոյնիսկ քարտերու գոյներու որոշումներուն: Թալիսքա, որ կոլ մը նշանակած էր առաջին կիսախաղին (բայց Ռոնալտոյի օֆ սայտ դիրքի...

Հարտըն Միացաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի

Հարտըն Միացաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի

10 տարի Օլ Սթարզ մրցումին մասնակից եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի այժմու էսիսթներու ախոյեան Ճէյմս Հարտըն «վերջապէս» լքեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը` միանալու Լոս Անճելըս Քլիփըրզի: Վերջերս Հարտըն շատ վատ ձեւով կը քննադատէր Տարիլ Մորին, որ Ֆիլատելֆիայի պասքեթպոլի ընդհանուր պատասխանատուն էր, յայտնելով, թէ ան «իր խօսքին տէրը չէ» եւ պատճառ կը դառնար 34 տարեկան աստղին Քլիփըրզ փոխանցումին ձախողութեան: Հարտընի հեռանալը վերջ դրաւ Ֆիլատելֆիայի...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տղաքը Բարձրացան Դ. Դասակարգ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տղաքը Բարձրացան Դ. Դասակարգ

Անցեալ կիրակի յաղթելէ ետք Ինաաշ Քանաթ խումբին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի տղոց պասքեթպոլի խումբը Դ. դասակարգ բարձրանալու իր տոմսը շահեցաւ: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք Ե. դասակարգի ախոյեանութեան մաս կը կազմէին, վերջին մրցումին կրցան 64-55 արդիւնքով յաղթել Ինաաշին եւ բարձրանալ Դ. դասակարգ: Յոյսով, որ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի այս աշխուժ աշխատանքը շարունակուի դէպի նորանոր յաջողութիւններ:  

Լիոնել Մեսսի Եւ 8-րդ «Ոսկի Գնդակ»-ը

Լիոնել Մեսսի Եւ 8-րդ «Ոսկի Գնդակ»-ը

Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Պալոն տ՛Օր»-ի` «Ոսկի գնդակ»-ի հանդիսութիւնը: Ինչպէս կը ապասուէր, արժանթինցի ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսի շահեցաւ «Ոսկի գնդակ»-ը` 8-րդ անգամ ըլլալով, դառնալով առաջին մարզիկը, որ այժմ Եւրոպայէն դուրս` Միացեալ Նահանգներու մէջ կը խաղայ (Ինթեր Մայեմի խումբէն): Այս մրցանակը տրուեցաւ ֆութպոլիստին 2022-2023 տարեշրջանին կատարած իրագործութիւններուն հիման վրայ: եւ Մեսսի, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ էր մինչեւ 2023-ի ամառ, կրցաւ զայն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Վուչեվիչ Եւ Պուլզ` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.» Վուչեվիչ Եւ Պուլզ` Յաղթական

Շատ հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, Շիքակօ Պուլզ Ինտիանայի մէջ 112-105 արդիւնքով յաղթեց տեղւոյն Ինտիանա Փէյսըրզին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նիքոլա Վուչեվիչի եւ Զեք Լըվին Ինտիանա, որ նախկին երկու մրցումներուն յաղթանակ տարած էր, շատ լաւ սկսաւ մրցումը եւ ընդհանրապէս աւելի լաւ էր Պուլզէն, որ վերջին մասին կրցաւ գերազանցել Ինտիանան` շնորհիւ Մոնթենեկրոյի աստղ Նիքոլա Վուչեվիչի եւ Զեք Լըվին կարեւոր կողովներուն:...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Բաժակի Մրցումներ` Գերմանիոյ  Եւ Անգլիոյ Մէջ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցումներ` Գերմանիոյ Եւ Անգլիոյ Մէջ

Այսօր տեղի կ՛ունենան «Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ» Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումները: Ամէնէն կարեւոր մրցումին, իրարու դէմ կ՛ելլեն Ա. դասակարգի երկու խումբեր` Տորթմունտ եւ Հոֆընհայմ: Տորթմունտ «Պունտըսլիկա»-ի դասաւորման 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Հոֆընհայմ` 6-րդ: Անցեալ ամիս Հոֆընհայմ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Տորթմունտէն, «Պունտըսլիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ: Պայերն Միւնիխ պիտի մեկնի Զաարպրիւքընի...

Վինիսիուս Ճունիոր Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը` Ռէալի Հետ

Վինիսիուս Ճունիոր Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը` Ռէալի Հետ

2018-ին միանալէ ետք Ռէալ Մատրիտի, 18 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ճունիոր դարձաւ ոչ միայն Ռէալի կարեւորագոյն մարզիկներէն, այլ նաեւ ամէնէն աւելի իր մասին խօսուածը: 2023-ի «Սոքրաթես» մրցանակը շահելէ ետք «Պալոն տ՛Օր»-ի հանդիսութեան, իր մարդասիրական գործերուն համար, Պրազիլի եւ Եւրոպայի մէջ, Ռէալ Մատրիտ անմիջապէս նոր պայմանագրութիւն կնքեց «Վինի»-ի հետ: Ան պիտի մնայ Ռէալի հետ մինչեւ 2027-ի ամառը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու,...

Լուիս Տիասի Հայրը` Տակաւին  Առեւանգուած

Լուիս Տիասի Հայրը` Տակաւին Առեւանգուած

Անցեալ շաբաթ օր, երբ Լիվըրփուլի խումբը պանդոկին մէջ կը պատրաստուէր Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ մրցումին, քոլոմպիացի Լուիս Տիասին լուր հասաւ, որ իր հայրն ու մայրը առեւանգուած են Պարանքասի մէջ, Քոլոմպիա: Քոլոմպիացի յառաջապահը լքեց պանդոկը եւ ուղղուեցաւ իր տունը... աւելի ուշ Լիվըրփուլ ակումբը իբրեւ յարգանք, Նոթինկհամի դէմ մրցումին «Լուիս Տիաս 7» շապիկով դաշտ ներկայացած էր: Երէկ յայտնուեցաւ, որ Քոլոմպիոյ ոստիկանութիւնը յաջող խուզարկութենէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մարիսթ  ՀՄԸՄ` 98-90

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Հուփս

Այսօր ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի դաշտին վրայ, Մըզհեր ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով: Իր առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի տղաքը անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին Մարիսթի դէմ, որ 18 հատ 3 կէտնոց գնդակներ արձանագրելով անակնկալի բերած էին նոյնիսկ իրենց համակիրները: Այսօր նոր օր եւ նոր էջ, յաղթանակի «ծարաւ» մեր համակիրները պիտի ողողեն «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան»...

«Ֆորմիւլա-1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Մեքսիքոյի Կրան Փրին Համիլըթըն 2-րդ, Փերես` Դուրս

«Ֆորմիւլա-1». Վերշթափըն Շահեցաւ Մեքսիքոյի Կրան Փրին Համիլըթըն 2-րդ, Փերես` Դուրս

Այս տարեշրջանի 19-րդ կրան փրին տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին` Մեքսիքօ Սիթիի մէջ, ուր աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն («Ռետ Պուլ») կրցաւ շահիլ անգամ մը եւս, հակառակ անոր որ ան 3-րդ դիրքէն կը սկսէր մրցումը: Վերշթափըն ազդանշանին յարձակում մը կատարեց 2 «Ֆեռարի»-ներուն մէջէն նեղ անցքէ մը անցնելով, մինչ իր խմբակից Սերխիօ Փերես, որ 5-րդ դիրքէն կը սկսէր, ձախէն «Ճեղքեց» բոլորը եւ հազիւ առաջին...

«Էն. Պի. Էյ.»  ՛Նիքոլա Եոքիչ Առաջնորդեց  Տենվըրի Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.» ՛Նիքոլա Եոքիչ Առաջնորդեց Տենվըրի Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ ախոյեան Տենվըր Նակեթց 128-95 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Օքլահոմայի մէջ: Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր առաջին պարտութիւնը կրեց 2 յաղթանակներէ ետք, մինչ Տենվըր իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը ապահովեց: Սերպ Նիքոլա Եոքիչ, որ անցեալ տարուան փլէյ-օֆի «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը (լաւագոյն մարզիկը) ձեռք ձգեց, նշանակեց 28 կէտ եւ ձեռք ձգեց 14 ռիպաունտ: Մայքըլ Փորթըր աւելցուց...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մոնաքօ` 3-րդ, Ինթեր Վերստին Առաջին Լեւերքուզըն Պահեց Իր Դիրքը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մոնաքօ` 3-րդ, Ինթեր Վերստին Առաջին Լեւերքուզըն Պահեց Իր Դիրքը

Շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ առաջին դիրքը գրաւող Մոնաքօ պարտութիւն մը կրեց Լիլէն եւ 3-րդ դիրք նահանջեց... Փարիզ Սեն Ժերմեն կը մօտենայ: Իտալիա, Եուվենթուս 1 օր առաջին դիրքը գրաւելէ ետք զիջեցաւ ի նպաստ Ինթերի, մինչ Պայէր Լեւերքուզըն մնաց առաջին` «Պունտըսլիկա»-ի մէջ: ՖՐԱՆՍԱ «Լիկ 1»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Մոնաքօ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գրաւէր պարագլուխի դիրքը, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը...

2023-ի «Ոսկի Գնդակ».  Այսօր Փարիզի Մէջ 2023-ի Լաւագոյն Մարզիկները

2023-ի «Ոսկի Գնդակ». Այսօր Փարիզի Մէջ 2023-ի Լաւագոյն Մարզիկները

Այսօր Փարիզի մէջ (Ֆրանսա), տեղի կ՛ունենայ «Պալոն տ՛Օր»-ի («Ոսկի գնդակ») հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուին 2023-ի ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկները` 3 տղոց եւ 1 աղջկանց մրցանակներով: Ֆրանսական «Ֆրանս ֆութպոլ» շաբաթաթերթը, որ կը կազմակերպէ այս հանդիսութիւնը, յայտարարած էր 30 թեկնածուներու անուններ, որոնց կը գլխաւորէ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ 2022-ի աւարտին Արժանթինը առաջնորդեց մոնտիալի տիտղոսին: Մրցանիշը կը պատկանի Մեսսիին (7 անգամ շահած է...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի 0-3

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի 0-3

Ռէալ Յաղթեց Պարսային Պայէրն 8 Կոլ Նշանակեց Երէկ տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին` Եունայթըտի Օլտ Թրաֆորտ դաշտին վրայ: Ախոյեան Սիթի առաջին կիսախաղին փենալթի մը շահեցաւ, եւ Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց մրցումի առաջին կոլը 26-րդ վայրկեանին: Այս բաց յարձակողական մրցումին բերդապահները լաւ ձեւով զսպեցին երկու խումբերուն յարձակումները: Օնանա (Մանչեսթըր Եունայթըտ) 2 վտանգաւոր առիթներ զսպեց Հաալանտէն, մինչ Էտերսոն զսպեց Մաքթիմինէի եւ Ֆեռնանտեսի զօրաւոր...

Page 245 of 1281 1 … 244 245 246 … 1,281

Արխիւներ