Այսօր Փարիզի մէջ (Ֆրանսա), տեղի կ՛ունենայ «Պալոն տ՛Օր»-ի («Ոսկի գնդակ») հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին պիտի ընտրուին 2023-ի ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկները` 3 տղոց եւ 1 աղջկանց մրցանակներով:
Ֆրանսական «Ֆրանս ֆութպոլ» շաբաթաթերթը, որ կը կազմակերպէ այս հանդիսութիւնը, յայտարարած էր 30 թեկնածուներու անուններ, որոնց կը գլխաւորէ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ 2022-ի աւարտին Արժանթինը առաջնորդեց մոնտիալի տիտղոսին: Մրցանիշը կը պատկանի Մեսսիին (7 անգամ շահած է այս տիտղոսը)` գերազանցելով փորթուգալցի Ռոնալտոն (5 անգամ):
Վերջին 5 անունները, որոնցմէ պիտի ընտրուին լաւագոյնները, կ՛ընդգրկեն սպանացի Ռոտրին որ Մանչեսթըր Սիթիի ամէնէն կայուն միջնապահն էր 2022-2023 տարեշրջանին եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի միակ կոլը նշանակած էր Ինթեր Միլանի (Իտալիա) դէմ մրցումին: 4-րդ դիրքի վրայ է պելճիքացի Քեւըն տը Պրունյը, որ Մանչեսթըր Սիթիի կարեւոր տարրերէն մէկն էր, եւ Ռէալ Մատրիտի դէմ կիսաւարտականին հաւասարութեան կոլը նշանակած էր (առաջին մրցումին) եւ 2 այլ կոլեր նշանակած Արսենալի դէմ (4-1) մրցումին, որ ախոյեանութեան տիտղոսի ճամբան բացաւ: Պելճիքացի այս միջնապահը անցեալ տարի 3-րդ դիրքը գրաւած էր «Պալոն տ՛Օր»-ի հանդիսութեան:
3-րդ թեկնածուն Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէն է: Էմպափէ եղաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ 1966-էն ի վեր (Ճեֆ Հըրսթի հեթրիք) 3 կոլ կը նշանակէր մոնտիալի աւարտականին (3-3 Արժանթինի դէմ): Իր կոլերը Քաթարի մոնտիալին զինք արժանացուցին «Ոսկի կօշիկ»-ին: Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ տիտղոս մը եւս, բայց հաւանական է, որ բաւարար չըլլայ իրեն «Ոսկի գնդակ» շահելու, մինչեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ յաջողութիւն մը, հակառակ անոր որ ան վերջին տարիներուն ամէնէն ամբողջական յառաջապահն է:
2-րդ դիրքի թեկնածուն նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտն է, որ Մանչեսթըր Սիթիի հետ մրցանիշներ հաստատեց, եւ եթէ բնական տարի ըլլար, շատ հաւանաբար ինք ըլլար «Ոսկի գնդակ»-ի թիւ 1 թեկնածուն: Ան 36 կոլ նշանակեց «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ (մրցանիշ) եւ ընդամէնը 6 հեթրիք 2023-ի բոլոր մրցաշարքերուն: 23 տարեկան կոլսքորըրը 6 կոլ նշանակեց առաջին 4 մրցումներուն, ինչպէս նաեւ թիւ 7 հեթ-թրիքը, եւ բարելաւելու ճամբուն վրայ է:
Թիւ 1 թեկնածուն Լիոնել Մեսսին է, որ Արժանթինի հետ մոնտիալը շահեցաւ: Այս մրցանիշը, որ կը վերաբերի 2022-2023 տարեշրջանի մարզիկներու ելոյթներուն, նկատի չ՛առներ Մեսսիի խաղերը` Ինթեր Մայեմիի հետ (Միացեալ Նահանգներ): 36 տարեկան Մեսսի, որ լքեց եւրոպական ֆութպոլը, կրնայ այսօր իր 8-րդ «Ոսկի գնդակ»-ը շահիլ, մանաւանդ որ մոնտիալին 7 կոլ նշանակեց եւ 2 էսիսթ կատարեց: Առանց իր ներկայութեան, Արժանթին յոյս չէր ունենար շահելու մոնտիալը: Տիտղոս մը եւս Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ անշուշտ չի բաղդատուիր Հաալանտի կոլերու թիւին, նոյնիսկ եթէ ան 42 կոլերու նշանակման մէջ մասնակցութիւն ունէր:


