Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Սան Փաոլոյի (Պրազիլի) կրան փրին, որ անցեալ տարի «Մերսետես»-ի վառորդ Ճորճ Ռասըլ շահած էր վերջին անգամ: «Մերսետես» այդ մրցումէն ետք չկրցաւ որեւէ կրան փրիի առաջին դիրքը գրաւել, բայց այս տարի Լուիս Համիլթըն իր կարելին պիտի ընէ անպայման յաղթանակ արձանագրելու:
Այժմ ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը գրաւելու մրցակցութիւն կայ, Սերխիօ Փերեսի (240) Լուիս Համիլթընի (220) Քարլոս Սայնցի (183) եւ Ֆեռնանտօ Ալոնսոյի (183) միջեւ հեռուէն կը մօտենայ Մաքլարենի վառորդ Լանտօ Նորիս (169 կէտ) եւ աւելի ետ` Շարլ Լըքլեր (166):
Անցեալ տարուան «Մերսետես»-ի յաղթանակը Պրազիլի մէջ յոյս ներշնչած է Համիլթընի, որ պիտի փորձէ առնուազն Փերեսէն լաւ արդիւնք ձեռք ձգել: Տակաւին 3 կրան փրիներ կան` Պրազիլ, Լաս Վեկաս (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ արդէն կ՛աւարտի տարեշրջանը 26 նոյեմբերին:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին Համիլթըն ըսաւ, որ անշուշտ բոլոր մրցումներուն թիւ 1 թեկնածուն ախոյեան Մաքս Վերշթափընն է, բայց յոյս ունիմ, որ ըլլամ իր ետին որեւէ սխալէ օգտուելով շահելու 2-րդ դիրքը` վերջնական դասաւորման:
Միւս կողմէ, Փերես, որ վերջին մրցումին անցեալ շաբաթավերջին իր հայրենիքին մէջ առաջին վայրկեանէն արկածէն դուրս մնացած էր, աւելի լաւատես է եւ կը յուսայ «Ռետ Պուլ»-ի 1-2 մը:


