«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ ախոյեան Տենվըր Նակեթց 128-95 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Օքլահոմայի մէջ:
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր առաջին պարտութիւնը կրեց 2 յաղթանակներէ ետք, մինչ Տենվըր իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը ապահովեց: Սերպ Նիքոլա Եոքիչ, որ անցեալ տարուան փլէյ-օֆի «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը (լաւագոյն մարզիկը) ձեռք ձգեց, նշանակեց 28 կէտ եւ ձեռք ձգեց 14 ռիպաունտ: Մայքըլ Փորթըր աւելցուց 20 կէտեր, մինչ Ճամալ Մըրէյ 19 կէտ` ի նպաստ Նակեթցի: Օքլահոմայի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց 21 տարեկան Չեթ Հոլմկրըն: Հոլմկրըն որ սենթըր է, անցեալ մրցումին 13 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր, այս մրցումին քիչ մը դժուարութիւն ունեցաւ շատ աւելի փորձառու մրցակից սենթըր Եոքիչի դէմ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տենվըր Նակեթց 85-128
Միլուոքի Պաքս – Աթլանթա Հոքս 110-127
Հիւսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 95-106
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 126-98
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 132-127
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 123-83