Ֆէօնիքս Սանզ երէկ կը հիւրընկալէր Սան Անթոնիօ Սփըրզը իր դաշտին վրայ: Մրցումը շատ լաւ կ՛ընթանար ի նպաստ Ֆէօնիքսի, որ 27-18 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին: Կիսախաղին 63-45 յաղթական Ֆէօնիքս կը սուրար դէպի յաղթանակ: 3-րդ մասին Սան Անթոնիօ մօտեցաւ տարբերութիւնը նուազեցնելով 12-ի:
4-րդ մասին, երբ 13 եղաւ տարբերութիւնը, նորեկը Վիքթոր Ուեմպանիամա եւ ընկերները հետզհետէ մօտեցան Ֆէօնիքսի: Ֆրանսացի Ուեմպանիամա, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր 4-րդ մրցումը կը կատարէր, 2 կէտ նշանակեց եւ արդիւնքը մօտեցուց 114-111-ի, 49 երկվայրկեան մնացած: Նոյնինքն Ուեմպանիամա ռիպաունտ առնելով տանք մը ըրաւ 6 երկվայրկեան մնացած, գնդակը շատ արագ Քեւըն Տիւրենթի, որմէ գնդակը «գողցաւ» Քելտըն Ճոնսըն` նշանակելով 2 կէտ` 1,2 երկվայրկեան մնացած մրցումի աւարտէն:
Այս բոլորէն վայրկեան մը առաջ, Տիւրենթ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան 12-րդ մարզիկը, որ 27 հազար կէտերու հասցուց իր հաշիւը: 35 տարեկան վեթերանը, որ 26 կէտ նշանակեց, այս թիւին հասաւ 890 մրցումներու ընթացքին: Միայն Ուիլթ Չեմպըրլէյն, Մայքըլ Ճորտըն եւ Քարիմ Ապտիւլ Ժապպար աւելի նուազ քանակով մրցումներէ ետք հասած էին այդ կէտերու հաշիւին:
Ճոնսըն 27 կէտ նշանակեց, մինչ Ուեմպանիամա եւ Տեւըն Վասել 18-ական կէտեր աւելցուցին եւ կրցան կիրակի օրուան 40 կէտերով պարտութիւնը` Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ, մոռնալ եւ առաջին յաղթանակը ապահովել դաշտէն դուրս:
Սփըրզ արեւմտեան շրջանի 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, մինչ Սանզ` 10-րդ: Ճուլիըս Ռենտըլ 19 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 10 ռիպաունտ, երբ իր խումբը` Նիւ Եորք Նիքս 109-91 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Քլիվլենտ Քեւելիրզի դաշտէն, որուն աստղերէն Տոնըվըն Միչել 26 կէտ նշանակեց:
Փոլ Ճորճ 27 կէտ նշանակեց, 7 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց, եւ իր խումբը` Լոս Անճելըս Քլիփըրզը 118-102 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքին:
Ճորճ առաջին մասին իր 6 հարուածները ձախողեցաւ նշանակել, բայց 4 հատ 3 կէտնոց գնդակներ նշանակեց 3-րդ մասին` նշանակելով ընդամէնը 14 կէտ: