Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին, «շատ տաք» մրցումի մը ընթացքին, Նասր ակումբը, որուն մաս կը կազմէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, յետ երկարաձգման 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էթթիֆաքը:
Մրցումը քանի մը անգամ ընդհատուեցաւ, կարճ թաքըլներէ ետք, ուր չիլիցի իրաւարար Փիետրօ Մասա բաւական «շուարած» վիճակի մատնուեցաւ եւ շուարեցաւ նոյնիսկ քարտերու գոյներու որոշումներուն: Թալիսքա, որ կոլ մը նշանակած էր առաջին կիսախաղին (բայց Ռոնալտոյի օֆ սայտ դիրքի մէջ ըլլալուն պատճառով ջնջուած էր այդ կոլը), եղաւ կարմիր քարտ առաջին ստացողը, երբ ՎԱՐ-ին վրայ ստուգելէ ետք դեղին քարտին գոյնը փոխուեցաւ կարմիրի: Իթթիֆաքի անգլիացի միջնապահ Ճորտըն Հենտըրսըն (Լիվըրփուլի խմբապետ` նախապէս) քանի մը անգամ շատ կոշտ ֆաուլեր կատարեց եւ կարմիր քարտ պէտք է ստանար, բայց իրաւարարը «աչք խփեց»: Ռոնալտօ 53-րդ վայրկեանին, իրաւարարին շարունակական սխալներէն գանգատելով, դարձաւ 4-րդ իրաւարարին ուղղութեան` պահանջելով փոփոխութիւն կեդրոնի իրաւարարին:
Նոյնիսկ Ռոնալտօ, որ դեղին քարտ ունէր, կրնար վտարուիլ դաշտէն` նկատի ունենալով, որ Իթթիֆաքի մարզիկ Ալի Հազազին 89-րդ վայրկեանին պարզ ֆաուլէ մը ետք կարմիր քարտ ստացաւ: 107-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլի եւ Պայերն Միւնիխի նախկին յառաջապահ Սատիօ Մանէ նշանակեց մրցումի միակ կոլը:
Նշենք, թէ Նասրի խումբին մաս կը կազմեն, պրազիլցի Ալեք Թելլես (նախապէս` Մանչեսթըր Եունայթըտ), սպանացի Այմերիք Լափորթէ (նախապէս` Մանչեսթըր Սիթի), Մարսելօ Պրոզովիչ (նախապէս` Ինթեր Միլան), եւ անշուշտ Ռոնալտօ եւ Սատիօ Մանէ, մինչ Իթթեֆաքի մարզիչն է Լիվըրփուլի նախկին աստղերէն Սթիւըն Ժերրարտ, իսկ մարզիկները` նետերլանտցի Ճիորճինիօ Վայնալտում (նախապէս` Լիվըրփուլ), Ճորտըն Հենտըրսըն եւ Տեմարայ Կրէյ (Էվըրթընէն):