Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Տալաս Եւ Պոսթըն` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Եւ Պոսթըն` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները կը շարունակուին, եւ միայն 8 խումբեր մնացին, որ տակաւին պարտութիւն չեն կրած: Արեւմտեան շրջանէն Տալաս Մեւրիքս, Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ, Տենվըր Նակեթց եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, իսկ արեւելեան շրջանէն` Ինտիանա Փէյսըրզ, Պոսթըն Սելթիքս, Օրլանտօ Մեճիք եւ Միլուոքի Պաքս: Շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Տալաս Մեւրիքս իր դաշտին վրայ վերջին վայրկեաններուն կրցաւ յաղթել Պրուքլին Նեթցին` 125-120: Արդարեւ, 22...

Թենիս.  Սինըր Շահեցաւ Աւստրիոյ  Բաց Մրցաշարքը

Թենիս. Սինըր Շահեցաւ Աւստրիոյ Բաց Մրցաշարքը

Աշխարհի թիւ 4 թենիսմեն իտալացի Եանիք Սինըր շահեցաւ «Էրսթէ Պանք օփըն»-ը (Աւստրիա)` աւարտականին յաղթելէ ետք թիւ 3 թենիսմեն Տանիիլ Մետվետեւի (Ռուսիա)` 7-6 (9-7), 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Մրցումը տեւեց 3 ժամ 4 վայրկեան: Կիսաւարտականին Սինըր դուրս ձգած էր Անտրէ Ռուպլեւը` 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով, մինչ Մետվետեւ` յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասը` 6-4, 7-6 (8-6) արդիւնքով:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մարիսթ  ՀՄԸՄ` 98-90

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մարիսթ ՀՄԸՄ` 98-90

Երէկ Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ մրցում մը ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին գծով` Մարիսթին դէմ, եւ 98-90 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց: Առաջին մասին 2 կէտով յառաջացած ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց դէմ ունէին 3 օտարով խաղացող Մարիսթը, որոնք զարմանալիօրէն 2-րդ կիսախաղին 3 կէտնոց գնդակներ «տեղացուցին» ՀՄԸՄ-ի կողովէն ներս: Ուոլթըր Հոճ 33 կէտ նշանակեց եւ կատարեց 9 էսիթ եւ 3...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ Վաղը` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի

Այսօր, ժամը 5:15-ին, տեղի կ՛ունենայ Սպանիոյ «Քլասիքօ»-ն` Պարսենոլայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: Պարսելոնայի մարզիչ Չաւի Հեռնանտես յոյսով է, որ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի 100 տոկոս լաւ ըլլայ եւ կարենայ մասնակցիլ այսօրուան խաղին: Վերջին շաբաթներուն 7 վիրաւոր մարզիկներ ունենալով, Չաւի երէկ քիչ մը աւելի հանգիստ էր, երբ Լեվանտովսքի, Ֆրենքի Տը Եոնկ, Ժիւլ Քունտէ, Ռաֆինիա եւ Փետրի սկսան փորձերուն հետեւելու: Քունտէ, Փետրի եւ...

Եւրոպայի Հսկաներէն Այաքս` Շատ Վատ Օրերու Մէջ

Եւրոպայի Հսկաներէն Այաքս` Շատ Վատ Օրերու Մէջ

Ի՞նչ կը պատահի Նետերլանտներու եւ Եւրոպայի ամէնէն մեծ ակումբներէն Այաքս Ամսթերտամի հետ: Այաքս, որ 36 անգամ Նետերլանտներու ախոյեան (մրցանիշ), 20 անգամ բաժակակիր (մրցանիշ), 4 անգամ «Չեմփիընզ լիկ» (1971-1972-1973-1995), 1 անգամ բաժակակիր խումբերու բաժակ (1987), 1 անգամ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակակիր (1982) եւ 2 անգամ Եւրոպայի գերբաժակ (1973 եւ 1995) շահած է, այժմ կրնայ Բ. դասակարգ փոխադրուիլ: Քիչ մը կանուխ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Լոս Անճելըս Լէյքըրզ  Եւ Միլուոքի Պաքս` Յաղթական

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ Եւ Միլուոքի Պաքս` Յաղթական

Լոս Անճելըսի մէջ իր առաջին մրցումին, Լէյքըրզ վերջին մասին գերազանցելով Ֆէօնիքս Սանզը (28-11) կրցաւ տանիլ տարեշրջանի առաջին յաղթանակը (100-95): Արդարեւ, Լէյքըրզ, որուն մարզիկներէն սենթըր Անթոնի Տէյվիս փայլեցաւ իր 30 կէտով եւ 12 ռիպաունտով, 18-30 ետ մնալէ ետք Ֆէօնիքսէն, կրցաւ 30-22 յաղթել 2-րդ մասին եւ կիսախաղ հասնիլ 4 կէտով մօտենալով Սանզին, որմէ կը բացակայէին Տեւըն Պուքըր եւ Պրատլի Պիլ: Քեւըն Տիւրենթ...

Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ – ՀՄԸՄ

Սաժես Յաղթանակով Սկսաւ Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը պիտի մրցի հիւրընկալ Մարիսթի դէմ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ ձեւով պիտի փորձեն սկսիլ ախոյեանութեան: Ունինք 3 օտար մարզիկներ` Ուոլթըր Հոճ, Տուէյն Ճեքսըն եւ Ռաֆայէլ Փութնի, առաւել ընտիր լիբանանցի եւ լիբանանահայ մարզիկներ` Կապի Աճեմեան, Կերի Չիւիչեան, Ժերար Հատիտեան, Տանիէլ Պաղտատեան, Ժատ Խալիլ, Գէորգ Գէորգ, Սէրուժ Աւետիսեան, Միհրան...

Ըմբշամարտ.  Մանուէլ Խնձրցեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Մանուէլ Խնձրցեան` Արծաթէ Մետալակիր

Ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող Մանուէլ Խնձրցեան, որ կը մասնակցի 57 քկ կշիռի մրցումներուն, աւարտական մրցումին պարտութիւն մը կրեց եւ շահեցաւ արծաթէ մետալ: Արդարեւ, Խնձրցեան ռուս Նաչին Մոնկուլի դէմ մրցումին 11-0 հաշուով տեղի տուաւ: 61 քկ կշիռի մրցումներուն, Մեժլում Մեժլումեան 11-0 յաղթելէ ետք Ճիւլիըն Հլեպովի (Միացեալ Նահանգներ), ապա Իվան Հրամիքայի (Ռուսիա), կրցաւ ապահովել պրոնզ մետալը: Հրամիքա...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստանի Ազգային Խումբը Նահանջեց 95-րդ Դիրք

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստանի Ազգային Խումբը Նահանջեց 95-րդ Դիրք

Երէկ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց հոկտեմբեր ամսուան ազգային խումբերու դասաւորումը, ուր Հայաստանի ազգային խումբը նահանջեց 4 դիրք եւ այժմ կը գրաւէ 95-րդ դիրքը: Փորթուգալ 2 դիրքով բարելաւեց իր դիրքը եւ այժմ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Նոյնն է պարագան Սպանիոյ ազգային խումբին, որ 2 դիրքով բարելաւեց իր վիճակը եւ այժմ 8-րդ է: Խրուաթիա 4 դիրք նահանջեց եւ դարձաւ 10-րդ: Ստորեւ` լաւագոյն 20 կազմերու...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ոչ Մէկ Իտալացի` Ա. Սէ. Միլանի Կազմին Մէջ

«Չեմփիընզ Լիկ». Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ոչ Մէկ Իտալացի` Ա. Սէ. Միլանի Կազմին Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ հետաքրքրական երեւոյթ մը պատահեցաւ չորեքշաբթի գիշեր, երբ առաջին անգամ ըլլալով Իտալիոյ «հսկաներէն» Ա. Սէ. Միլան դաշտ ներկայացաւ առանց ոեւէ իտալացի մարզիկի` առաջին 11 մարզիկներուն շարքին: Արդարեւ, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Սեն Ժերմենի խումբին դէմ մրցումին Ա. Սէ. Միլան դաշտ ներկայացած էր 4 ֆրանսացի, 2 ամերիկացի, գերմանացի, անգլիացի, պոսնիացի, հոլանտացի եւ փորթուգալցի մարզիկներով: Քիլիան Էմպափէ, Քոլօ Մուանի...

Սէուտական Արաբիոյ Ամէնէն Շատ Վարձատրուած Ֆութպոլիստները

Սէուտական Արաբիոյ Ամէնէն Շատ Վարձատրուած Ֆութպոլիստները

Փորթուգալցի ֆութպոլիստ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլը «ցնցեց», երբ միացաւ Նասըր խումբին, Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելէ ետք անցեալ յունուարին: Իր նախկին խմբակից Քարիմ Պենզեմա, որ Ռէալ Մատրիտի հետ պատմութիւն կերտած էր, իր կարգին Միջին Արեւելք գալով միացաւ Իթթիհատ խումբին: Լայսթըրի եւ Չելսիի նախկին միջնապահ Նկոլօ Քանթէ (Ֆրանսա), Նէյմար (Պրազիլ) եւ Ռիատ Մահրեզ իրենց կարգին լքեցին Եւրոպան` խաղալու համար Սէուտական Արաբիոյ «փրօ-լիկ»-ին...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լուքա Տոնչիչ Փայլեցաւ Կեդրոնացումը Շեղելով Ուեմպանեամայի Վրայէն

«Էն. Պի. Էյ.» Լուքա Տոնչիչ Փայլեցաւ Կեդրոնացումը Շեղելով Ուեմպանեամայի Վրայէն

Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 2023-2024 տարեշրջանը: Բոլորին ուշադրութիւնը ուղղուած էր Սան Անթոնիոյի մէջ տեղի ունեցող Սփըրզի մրցումին վրայ` Տալաս Մեւրեքսի դէմ, մանաւանդ որ 19 տարեկան ֆրանսացի «հսկան»` Վիքթոր Ուեմպանեամա (2,24 մեթր) իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի ունենար: Մրցումը ծայր աստիճան հետաքրքրական էր, բայց Ուեմպանեամայի փոխարէն Տալասի մարզիկ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչն էր, որ փայլեցաւ` արձանագրելով իր ասպարէզի 57-րդ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Սկսի 2023-2024 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի 2023-2024 Տարեշրջանը

Այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը, կէսօրէ ետք ժամը 16:45-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ուր Սաժես պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն: Այս տարի 10 խումբեր պիտի մասնակցին` նկատի ունենալով, որ անցեալ տարուան փոխախոյեան Տինամօ եւ Լիտըրզ խումբերը քաշուեցան ախոյեանութենէն: ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը վաղը` յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Շանվիլի դաշտին վրայ պիտի ըլլայ տեղւոյն Մարիսթ խումբին հիւրը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին միացաւ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Եունայթըտ Վերադարձա՞ծ

«Չեմփիընզ Լիկ». Եունայթըտ Վերադարձա՞ծ

Անտրէ Օնանա Անգլիոյ ամէնէն աւելի տիտղոսներ շահած ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ վերջերս վատ արդիւնքներ կ՛արձանագրէր եւ մեծ թիւով վիրաւորներ ունէր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ալ առաջին երկու մրցումներէն կէտեր կորսնցնելէ ետք, Օլտ Թրաֆորտի մէջ վերջապէս յաղթանակով սկսաւ Եունայթըտ (իր 3-րդ մրցումին): Յաղթանակը քանի մը երես ունէր: Երկու տարիէ նախկին խմբապետ Հերի Մաքկուայըր, որ Անգլիոյ լաւագոյն պաշտպանն էր, իր ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած էր...

Թենիս.  Մետվետեւ Եւ Խաչանով` Յաղթական

Թենիս. Մետվետեւ Եւ Խաչանով` Յաղթական

Վիեննայի թենիսի տղոց բաց մրցաշարքին (Աւստրիա) 1/16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայազգի Կարէն Խաչանով բաւական դիւրին յաղթանակ մը արձանագրեց չեխ թենիսմեն Ժիրի Լեհեչքայի դէմ մրցումին, 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով: Կարէն Խաչանով 6 էյսեր կատարեց եւ 8 պրէյք փոյնթերէն 4-ը կրցաւ շահիլ: Այլ մրցումի մը թիւ 1 դասուած Տանիիլ Մետվետեւ 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց ֆրանսացի Արթիւր Ֆիսի: 37 տարեկան Կայել Մոնֆիս 6-4...

Լաւ Մարզիչները Ամէնէն Շատ Տիտղոսներ Կը Շահին

Լաւ Մարզիչները Ամէնէն Շատ Տիտղոսներ Կը Շահին

Ֆութպոլի պատմութեան ընթացքին շատ լաւ մարզիչներ եկած ու անցած են: Մարզիչներ կան, որոնք պատմութեան անցած են տիտղոսներ շահելով, ուրիշներ` յարձակողական գեղեցիկ ֆութպոլով, մինչ ուրիշներ պաշտպանողական, տհաճ, բայց արդիւնաւէտ խաղարկութեամբ: Պահ մը եթէ անդրադառնանք ամէնէն շատ մրցանակներ կամ տիտղոսներ շահած մարզիչներուն, կը նկատենք, որ անոնց մէջ «հսկաներ» կան: Ալեքս Ֆերկըսըն, Ռինըս Միքըլզ, Եոհան Քրոյֆ, Փեփ Կուարտիոլա, Առիկօ Սաքի, Էռնսթ Հափըլ, Քարլօ...

Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի «Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Պրայթըն – Այաքս

Եու. Է. Էֆ. Ա.-ի «Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Պրայթըն – Այաքս

Այսօր, «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանին գծով, Բ. խմբակէն Անգլիոյ «տոկուն» կազմերէն Պրայթըն պիտի հիւրընկալէ Նետերլանտներու Այաքսը: Պրայթըն իր առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Մարսէյի դաշտին վրայ, բայց երկրորդին 2-3 արդիւնքով պարտուած Ա. Է. Ք. Աթէնքէն, Անգլիոյ մէջ: Իր կարգին, Այաքս շատ լաւ օրերու մէջ չէ, եւ Յունաստանի մէջ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք (1-1) երկրորդ մրցումին իր դաշտին...

Ռամստէյլ Կրնայ Միանալ Չելսիին

Ռամստէյլ Կրնայ Միանալ Չելսիին

Չելսի կրնայ անակնկալ շարժումով մը փորձ կատարել ձեռք ձգելու Արսենալի բերդապահ Արոն Ռամստէյլը: Ռամստէյլ, որ այս տարեշրջանին սպանացի Տաւիտ Ռայայի միացումով Արսենալի պահեստի դիրքի վրայ մնաց, անցեալ տարեշրջանին շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենար այդ խումբին հետ: Միւս կողմէ, Պայերն Միւնիխ պիտի փորձէ ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ ձեռք ձգել Թոթենհամի Էրիք Տայըրը` միանալու իր նախկին խմբակից Հերի Քէյնի: Լիվըրփուլ կը մրցի Մանչեսթըր Եունայթըտի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Արարատ Երեւան Յաղթական

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ Երեւան Յաղթական

Հայաստանի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով երէկ Երեւանի մէջ Արարատ Երեւան 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Վանի դէմ: Արարատ, որ «Արարատ 73»-ի նուիրուած ռեթրօ տարազով դաշտ ներկայացած էր` նշելով 50 տարուան իրագործման յիշատակը, 33-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ շնորհիւ Քրիսթոֆըր Պոնիֆասի (Նիկերիա): 60-րդ վայրկեանին, Պոնիֆասի ազգակից եւ խմբակից Տէու Տոսա կարմիր քարտ մը ստացաւ, որմէ 2 վայրկեան ետք...

Մոնտիալ + Եւրոպայի Բաժակ + Ոսկի Գնդակ… Պոպի Չարլթըն Պատմական Ցանկին Մէջ

Մոնտիալ + Եւրոպայի Բաժակ + Ոսկի Գնդակ… Պոպի Չարլթըն Պատմական Ցանկին Մէջ

Պոպի Չարլթընի մահուան լուրին տարածուելէն ետք, անցեալ շաբաթավերջին աշխարհի չորս ծագերէն ցաւակցական եւ յարգանքի յիշատակներ եւ հին էջեր բացուեցան: Չարլթըն Անգլիոյ ֆութպոլին մէջ յեղափոխութիւն մը կատարեց, եւ թէ՛ ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ թէ՛ ալ ազգային խումբը աւելի եւս յայտնի դարձուց ֆութպոլի միջազգային քարտէսին վրայ, 1960-ականներուն: 1968-ին յարձակող միջնապահը եղաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ կը շահի մոնտիալը, Եւրոպայի ախոյեան խումբերու բաժակը (այժմ...

Page 246 of 1281 1 … 245 246 247 … 1,281

Արխիւներ