Անցեալ կիրակի յաղթելէ ետք Ինաաշ Քանաթ խումբին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի տղոց պասքեթպոլի խումբը Դ. դասակարգ բարձրանալու իր տոմսը շահեցաւ:
Արդարեւ, Պուրճ Համուտի տղաքը, որոնք Ե. դասակարգի ախոյեանութեան մաս կը կազմէին, վերջին մրցումին կրցան 64-55 արդիւնքով յաղթել Ինաաշին եւ բարձրանալ Դ. դասակարգ:
Յոյսով, որ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի այս աշխուժ աշխատանքը շարունակուի դէպի նորանոր յաջողութիւններ:


