Այսօր ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի դաշտին վրայ, Մըզհեր ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով:
Իր առաջին մրցումին ՀՄԸՄ-ի տղաքը անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին Մարիսթի դէմ, որ 18 հատ 3 կէտնոց գնդակներ արձանագրելով անակնկալի բերած էին նոյնիսկ իրենց համակիրները: Այսօր նոր օր եւ նոր էջ, յաղթանակի «ծարաւ» մեր համակիրները պիտի ողողեն «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի դաշտը եւ «Նարնջագոյն դժոխք»-ի վերածելով պիտի քաջալերեն մեր տղաքը, որ անպայման յաղթանակ մը արձանագրեն Հուփսի դէմ: Հուփս, իր առաջին մրցումին 87-77 արդիւնքով յաղթած էր Անդրանիկի խումբին միայն 1 օտար մարզիկով` Ռոմանի Հանսըն (թիւ 5):
Այսօր ուրեմն բոլորս դէպի դաշտ` անընդհատ քաջալերելու մեր տղաքը` որոնք պէտք ունին քաջալերանքի` ինքնավստահութիւնը վերագտնելու համար: