Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 130-125

Նոյեմբեր 3, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, ծայր աստիճան «տաք» մրցումէ մը ետք, Լոս Անճելըս քաղաքի մրցակցութեան, Լէյքըրզ պէտք ունեցաւ յաւելեալ վայրկեաններու` պարտութեան մատնելու Քլիփըրզը: Մրցումին բնական արդիւնքը աւարտելէ ետք, յաւելեալ ժամանակին (5 վայրկեան) Լէյքըրզ 13-8 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Վերջին 11 մրցումներուն Լէյքըրզ 11 անգամ ձախողած էր պարտութեան մատնել Քլիփըրզը:

Լըպրոն Ճէյմս 35 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Օսթըն Ռիվզ իր 19 կէտերէն 7-ն նշանակեց յաւելեալ ժամուն (օվըրթայմ)` օգնելով Լէյքըրզի յաղթանակին:

Տ՛Անճելօ Ռասըլ 27 կէտ եւ Անթոնի Տէյվիս 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ յուլիս 2020-էն ի վեր չէր կրցած յաղթել Քլիփըրզի:

Ճէյմս Հարտըն ներկայ էր մրցումին, բայց չմասնակցեցաւ իր նոր խումբին` Քլիփըրզի հետ, Քուայ Լէոնարտ 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի, որ կրեց իր 2-րդ պարտութիւնը: Փոլ Ճորճ իր 35 կէտերէն 20-ը նշանակեց 4-րդ մասին, բայց 30 երկվայրկեան չանցած յաւելեալ ժամէն, կատարեց իր վերջին ֆաուլը եւ դուրս մնաց խաղէն:

Հակառակ անոր որ Լէյքըրզ միայն 8 մարզիկներով խաղցաւ (5 վիրաւոր մարզիկներ ունի), 19 կէտով ետ մնալէ ետք (մրցումին սկիզբը) կրցաւ ոչ միայն մօտենալ, այլ նաեւ 8 կէտի առաւելութիւն ալ ունենալ վերջին 90 երկվայրկեաններուն:

Ճորճ, որ 6 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, 3 ազատ հարուածներ նշանակեց մրցումի աւարտին 17 երկվայրկեան մնացած` հաւասարեցնելով արդիւնքը: Ռասըլ հանգիստ նշանակելու առիթ ունէր մրցումի աւարտի սուլիչին (պազըր), բայց ձախողեցաւ:

Ռասըլ Ուեսթպրուք 24 կէտ նշանակեց իր նախկին խումբին` Լէյքըրզի կողովին մէջ, ձեռք ձգելով 11 ռիպաունտ ալ:

Ախոյեան Տենվըր Նակեթց կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` Մինեսոթայի մէջ, Թիմպըրվուլվզէն 110-89 արդիւնքով:

Մինեսոթա 27 ազատ հարուածներէն 26-ն նշանակեց: Անթոնի Էտուարտօ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի, մինչ Քարլ Անթոնի Թաունզ աւելցուց 21 կէտ եւ 8 ռիպաունտ: Ֆրանսացի Ռուտի Կոպետ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ պատճառ դարձաւ Տենվըրի մարզիկ Նիքոլա Եոքիչին «հանգիստ չշարժելուն»: Եոքիչ, հակառակ «խիստ հսկողութեան», 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց իր խմբակիցները նոյն մակարդակին վրայ չէին:

Արեւմտեան շրջանի միակ անյաղթ խումբը` Տալաս Մեւրիքս, որ առաջին անգամ ըլլալով 2004-2005 տարեշրջանէն ի վեր այս ձեւով կը սկսի տարեշրջանը, կրցաւ յաղթել Շիքակօ Պուլզին` 114-105 արդիւնքով:

Յաջորդական 2-րդ մրցումը ըլլալով, «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղերէն Քայրի Ըրվինկ բացակայ էր ձախ ոտքի ցաւ ունենալուն պատճառով, բայց Տալաս շարունակեց յաղթանակներու երթը: Կրենթ Ուիլիըմզ 25 կէտ նշանակեց 7 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով (իր անձնական մրցանիշին հաւասարելով): Թիմ Հարտըուէյ աւելցուց 24 կէտ եւ 7 հատ 3 կէտնոց կողովներ, հակառակ պահեստի մարզիկ ըլլալուն, ի նպաստ Տալասի, որ 99-98 արդիւնքով առաջ անցաւ մրցումի աւարտին 4 վայրկեան մնացած, երբ յաջորդական կողովներ նշանակեցին Պուլզի կողովին մէջ (10-2):

Լուքա Տոնչիչ, որ նախկին 3 մրցումներուն մօտ 39 կէտ կը նշանակէր միջին հաշուով, 18 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Զեք Լըվին 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի, բայց մեծամասնութիւնը` մրցումին առաջին մասին: Մոնթենեկրոցի Նիքոլա Վուչեվիչ 21 կէտ եւ 20 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Շիքակոյի խումբին հաշուոյն:

Տոնչիչ առիթ ստեղծեց, որ իր խմբակիցները փայլին: Երբ Պուլզ զինք կը փորձէր «հսկել», ազատ կը մնային իր ընկերները, որոնք դիւրին կէտեր կը նշանակէին:

Տալաս 20 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Շիքակօ` 11: Օրուան մեծագոյն յաղթականը Պոսթընի Սելթիքսն էր, որ Տալասի նման պարտութիւն չէ կրած տակաւին:

Պոսթընի վերջին «զոհ»-ն էր Ինտանա Փէյսըրզ, որ 153-104 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց… 8 մարզիկներ 10+ կէտեր նշանակեցին` ի նպաստ տարիներէ ի վեր ամէնէն «խմբային» պասքեթպոլ խաղցող Պոսթընի: Ճէյսըն Թէյթըմ 30 կէտ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց 3 մասերուն, մինչ մարզիչը զինք հանգիստ նստեցուց 4-րդ մասին: Տերեք Ուայթ 18 կէտ, Ճէյլըն Պրաուն 16 կէտ, Սեմ Հաուզըր 17 կէտ, Ճրու Հոլիտէյ (15 կէտ) լաթվիացի հսկայ Փորզինկիս (2,21 մեթր) 13 կէտ, Փէյթըն Փրիչըրտ 13 կէտ եւ Տալանօ Պենթըն 11 կէտ նշանակեցին Սելթիքսի կէտերու մեծամասնութիւնը:

Մրցումի առաջին 3 վայրկեաններուն 10 կէտի առաւելութիւնը 20-ի հասաւ 2-րդ մասին, 30-ի` 3-րդ մասին եւ մինչեւ 53-ի` 4-րդ մասին:

Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկն էր Թի. Ճէյ. Մաքոնըլ` 18 կէտով:

Ստորեւ արդիւնքները.

Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս 130-111
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 101-110
Պոսթըն Սելթիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 155-104
Աթլանթա Հոքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 130-121
Մայեմի Հիթ – Պրուքլին Նեթց 105-109
Նիւ Եորք Նիքս – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 89-95
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ  106-110
Հիւսթըն Ռոքեթց – Չարլոթ Հորնէթց 128-119
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Տենվըր Նակեթց 110-89
Տալաս Մեւրիքս – Շիքակօ Պուլզ 114-105
Եութա Ճեզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 133-109
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 130-125
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 102-101

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Ճակատագրական Ճամբաբաժանը

Յաջորդը

Թենիս. Ժապեր Յաղթեց Եւ «Խաղաղութիւն Մաղթեց Աշխարհին»

RelatedPosts

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի  Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ
Մարզական

Ալպերթ Ալեքսանեան Հիանալի Տարեշրջան Մը Բոլորեց Նորվեկիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ».  Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը
Մարզական

«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ». Տորթմունտ Դուրս Ձգեց Ֆրանքֆորթը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Աղջկանց Ազգերու Լիկա.  Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին
Մարզական

Աղջկանց Ազգերու Լիկա. Սպանիա – Գերմանիա` Աւարտականին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?