Անցեալ շաբաթ օր, երբ Լիվըրփուլի խումբը պանդոկին մէջ կը պատրաստուէր Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ մրցումին, քոլոմպիացի Լուիս Տիասին լուր հասաւ, որ իր հայրն ու մայրը առեւանգուած են Պարանքասի մէջ, Քոլոմպիա:
Քոլոմպիացի յառաջապահը լքեց պանդոկը եւ ուղղուեցաւ իր տունը… աւելի ուշ Լիվըրփուլ ակումբը իբրեւ յարգանք, Նոթինկհամի դէմ մրցումին «Լուիս Տիաս 7» շապիկով դաշտ ներկայացած էր:
Երէկ յայտնուեցաւ, որ Քոլոմպիոյ ոստիկանութիւնը յաջող խուզարկութենէ ետք կրցած է ազատել Տիասի մայրը, բայց հօրը մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ տակաւին:
Քոլոմպիոյ նախագահ Կուսթաւօ Փեթրօ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ազատելու անոր հայրը: Ոստիկանութիւնը 200 միլիոն փեզոս (48.500 տոլար) պարգեւ պատրաստ է տալու որեւէ տեղեկութեան համար: