Վու Շու Քոնկ Ֆու. Լիբանան Պատուաբեր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեց Աշխարհի Ախոյեանութեան
Լիբանանի Վու շու քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը 8 մարզիկներով իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի Վու շու քոնկ ֆուի 2023-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան «Ֆորթ Ուորթ Քընվենշըն Սենթըր»-ի մէջ, Թեքսաս, Միացեալ Նահանգներ: Աշխարհի 16-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն, Լիբանան գրաւեց 3-րդ դիրքը` կէտերով հաւասարելէ ետք Իտալիոյ հետ, Չինաստանի (առաջին) եւ Վիեթնամի (երկրորդ) ետին: Սանտայի մրցումներուն, 90 քկ կշիռի ոսկի մետալը շահեցաւ Ժորժ Նաում Սաատէ,...




















