«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն Լըպրոն Ճէյմս իր ասպարէզի ամէնէն ծանր պարտութիւնը կրեց Ֆիլատելֆիայի Ուելս Ֆարկօ կեդրոնին մէջ, 138-94 արդիւնքով:
Արդարեւ, ծնունդով քամերունցի Էմպիիտ թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց` նշանակելով 30 կէտ, ինչպէս նաեւ ձեռք ձգեց 11 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ կատարեց, ասպարէզին մէջ 6-րդ անգամ ըլլալով: Անցեալ տարուան եղանակի «Էմ. Վի. Փի.»-ին այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով 10-է աւելի էսիսթ կը կատարէր (ասպարէզին մէջ` 7-րդ անգամ):
Լըպրոն Ճէյմս Մայեմի Հիթի հետ 36 կէտի առաւելութեամբ պարտուած էր աւարտական մրցումներու, իսկ 2019-ին 42 կէտով Լէյքըրզի հետ` Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ:
«Ի՞նչ պէտք է փոխուի, որ այս բանը չկրկնուի… Շատ բան», ըսաւ Լըպրոն Ճէյմս առանց տատամսելու:
290 մրցումի ընթացքին ասիկա ամէնէն մեծ պարտութիւնն էր Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ: Շատ գէշ էր վիճակը, Լըպրոն Ճէյմս ռիպաունտ մը նոյնիսկ ձեռք չձգեց: Այլ իրողութիւն մըն ալ` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 7-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով կը յաղթէր Լէյքըրզի:
«Ասիկա իմ նախասիրած խումբս է», ըսաւ Էմպիիտ` աւելցնելով. «Պասքեթպոլ սորվեցայ Քոպի Պրայընթի միջոցով: Երբ որ իրենց դէմ խաղաս, պէտք է յաղթես: Բայց պէտք է ըսեմ, որ ամէն օր, բոլոր խումբերուն դէմ յաղթելու համար կը խաղամ»:
Եթէ արդիւնքի ցուցատախտակին նայինք, արդէն կը հասկնանք: Ֆիլատելֆիա 22 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Լէյքըրզ` 7: Նոյնիսկ առանց Էմպիիտի, որ 4-րդ մասին չմասնակցեցաւ, Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 40-14 արդիւնքով մեծ տարբերութեամբ յաղթեց այդ մասը:
«Մեզի մեռցուցին 3 կէտերով… Լաւ կէտեր նշանակեցին մարդիկը, շնորհաւոր», աւելցուց Լըպրոն Ճէյմս:
Պէտք է ըսել, որ Լէյքըրզ կանուխէն յանձնուեցաւ եւ արդէն կիսախաղին 25 կէտով ետ կը մնար: Թայրիս Մեքսի 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, մինչ Անթոնի Տէյվիս 17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Լէյքըրզի կողմէն:
Լէյքըրզի մարզիչ Տարվըն Հեմ յայտնեց, թէ մրցակցութեան ոգին պակաս էր եւ նոյնիսկ ետ մնալէ ետք պայքարի ոգի չկար վերստին վերադառնալու խաղի մթնոլորտին:
«Պէտք է ուժի դէմ ուժ դնես: Մեզի այդ գետնի վրայ յաղթեցին»:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 110-114
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 107-126
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 114-112
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց 104-113
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 138-94


