Այսօր, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, Մանարայի դաշտին վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով, ախոյեան Ռիատի պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը:
Ռիատի 4 յաղթանակ եւ 1 պարտութիւն կրած է, մինչ ՀՄԸՄ` 3 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն: ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը բաւական լաւ ելոյթ կ՛ունենան եւ հետզհետէ աւելի ներդաշնակ խաղարկութիւն կը ցուցաբերեն, հակառակ անոր որ բոլոր մարզիկները բոլոր մրցումներուն բաւարար վայրկեաններ չեն ունենար խաղալու: Անշուշտ մարզիչը ինք գիտէ խումբին լաւագոյնը, եւ այդ պատճառով ալ ինք կ՛որոշէ ո՛վ յարմար է խաղալու, պատրաստ է ֆիզիքականով:
ՀՄԸՄ-ի տղոցմէ կը սպասուի դրական արդիւնքով վերադառնալ Մանարայէն: