Այսօր, Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած պատանիներու (17 տարեկանէն վար) մոնտիալի 3-րդ դիրքի մրցումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 14:00-ին, Արժանթինի եւ Մալիի միջեւ:
Կիսաւարտականին, Արժանթին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Գերմանիոյ հետ, ապա 4-2 փենալթիներով դուրս մնացած աւարտականէն:
Մալի 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ֆրանսայի դէմ մրցումին: Նախապէս 3 անգամ այս դիրքի մրցումէն յաղթական դուրս եկած էր Արժանթին, 1991-ին (Քաթարի դէմ), 1995-ին (Օմանի դէմ) եւ 2003-ին (Քոլոմպիոյ դէմ), մինչ 2 անգամ ալ պարտութիւն կրած, 2001-ին (Պուրքինա Ֆասոյէն) եւ 2013-ին «Շուէտէն)` գրաւելով 4-րդ դիրքը:
Մալի նախապէս 2 անգամ հասած է կիսաւարտականին, 2015-ին աւարտական մրցումի հասած էր (պարտուած` Նիկերիոյ դէմ), եւ 2017-ին գրաւած 4-րդ դիրքը` պարտուելէ ետք Պրազիլէն:
Վաղը նոյն ժամուն տեղի կ՛ունենայ 19-րդ աւարտականի մրցումը, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:
Գերմանիա 1985-ին հասած էր աւարտական եւ 2-0 արդիւնքով պարտուած Նիկերիայէն` գրաւելով 2-րդ դիրքը: Ֆրանսա 2001-ին հասած եւ շահած է աւարտականի մրցումը` 3-0 արդիւնքով յաղթելով Նիկերիոյ:


