Չելսի ակումբի չեխ բերդապահ Փեթըր Չեք, որ կը նկատուէր պատմութեան լաւագոյն բերդապահներէն, 2021-ին լքած էր ֆութպոլը 39 տարեկանին: Ան 2019-ին, երբ Արսենալը լքեց եւ վերամիացաւ Չելսիի, արդէն իսկ միացած էր սառոյցի վրայ Հոքիի Կիլտֆորտ Ֆինիքս խումբին: 3 տարեշրջան ետք 1 տարեշրջան մըն ալ բոլորելէ ետք Չելմսֆորտ Չիֆթէյնզի հետ, այս տարի ան միացաւ Օքսֆորտ Սիթի Սթարզի, որ հարաւային նահանգի առաջին դասակարգի խումբ մըն է: Ան վերջերս փոխ տրուեցաւ արհեստավարժ Պելֆասթ Ճայընթսի (Հիւսիսային Իրլանտա):
Շաբաթավերջին, Պելֆասթ Ճայընթս, որ վերջին 2 տարիներուն Բրիտանիոյ ախոյեանն է, առիթ տուաւ Փեթըր Չեքի, որ 41 տարեկանին դաշտ ներկայացաւ 3-րդ մասին` փոխարինելով հիմնական բերդապահը: Այս ձեւով Չեք իրագործում մը կատարեց, երբ իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ եւ սառոյցի վրայ Հոքիի արհեստավարժ բերդապահ` 41 տարեկանին դաշտ ներկայացաւ:
Իր խումբը 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կլասքոն: Չեք 1 անգամ լաւապէս զսպեց հարուած մը:
Նշենք նաեւ, որ Չեքի հետ նոյն խումբէն կը մասնակցի նաեւ յառաջապահ Արա Նազարեան, որ 27 տարեկան ամերիկահայ է եւ տարեշրջանի սկիզբը` 20 յունիսին միացած է Պելֆասթ Ճայընթսի: Ան նախապէս խաղցած է Ատիրոնտեք Թանտըրի հետ եւ Ճեքսընվիլ Այսմենի խումբերէն:
Արա Նազարեան Կլասքոյի դէմ կոլ մը նշանակեց:


