«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, շարունակուեցաւ նաեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի վերիվայրումներու շարքը: Արդարեւ, Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ լաւ ելոյթէն ետք, Լէյքըրզ այս անգամ 23 կէտով պարտութիւն մը կրեց Օքլահոմա Սիթի Թանտըրէն:
Շէյ Կիլճիուս – Ալեքսանտր 38 կէտ նշանակեց Լէյքըրզի կողովէն ներս` պարտութեան մատնելով Լըպրոնը եւ ընկերները` 133-110 արդիւնքով:
Ճէյլըն Ուիլիըմս (21 կէտ) եւ Չեթ Հոլմկրեն (18 կէտ) փայլեցան Թանտըրէն, որ 2 յաջորդական պարտութիւններ կրած էր Ֆիլատելֆիայի եւ Մինեսոթայի դէմ մրցումներուն:
Անթոնի Տէյվիս 31 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որուն թիւ 1 աստղը` Լըպրոն Ճէյմս 21 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց:
Առաջին մասին, Լէյքըրզ 14 կէտի առաւելութիւն ունէր, բայց Թանտըր 42-23 արդիւնքով առաջ անցաւ 2-րդ մասին եւ 72-60 արդիւնքով յառաջացաւ կիսախաղին:
Այլ մրցումի մը, Նիւ Եորք Նիքս 118-112 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը: Ճէյլըն Պրունսըն 42 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորքի:
Թայրիս Հալիպըրթըն 44 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ինտիանա Փէյսըրզին, բայց բաւարար չէր Մայեմի Հիթի դէմ, որուն աստղը` Ճիմի Պաթլըր, 36 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Թրէյ Եանկ 45 կէտ նշանակեց ձեռք ձգելով 14 էսիսթ ի նպաստ Աթլանթա Հոքսի, որ 137-135 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 95-103
Նիւ Եորք Նիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 118-112
Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ 142-132
Պրուքլին Նեթց – Չարլոթ Հորնէթց 128-129
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Աթլանթա Հոքս 135-137
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 133-110
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Եութա Ճեզ 101-90
Շիքակօ Պուլզ – Միլուոքի Պաքս 120-113
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 120-114