Երկուշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 59-42 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիբանանի ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն:
Առաջին մասին Պէյրութ 17-13 արդիւնքով յառաջացաւ, ապա 17-11` երկրորդին, կիսախաղէն ետք Պէյրութ շարունակեց իր ընթացքը եւ 7-26 արդիւնքով աւարտեց: Վերջին մասը ՀՄԸՄ 11-4 արդիւնքով աւարտեց: Վերջնական արդիւնքը 59-42 էր:
Փերլա Պու Նասր 18 կէտ եւ 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, իսկ Փաթիլ Ասատուրեան 8 կէտ եւ 8 ռիպաունտ եւ խմբապետ Ալիք Թապաքեան 4 կէտեր աւելցուցին ի նպաստ ՀՄԸՄ Անթիլիասի:
Պէյրութէն Մելոտի Սանեհ նշանակեց 16 կէտ եւ 9 ռիպաունտ: Յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր, ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մթայլեպի դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Մթայլեպ` 6-րդ դիրքը:


