Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Այնտհովըն Հասան Յաջորդ Հանգրուան

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանչեսթըր Եունայթըտի
Յոյսերը Նուազեցան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներու 5-րդ շաբթուան 2-րդ օրուան մրցումներէն ետք, Արսենալ եւ Փ. Ս. Վ. Այնտհովըն ապահովեցին իրենց աթոռը` յաջորդ հանգրուանի:

Տակաւին կան 4 խումբեր, որոնք տոմսերուն համար պիտի պայքարին 6-րդ շաբթուան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան 12 եւ 13 դեկտեմբերին:

Ա. խմբակին մէջ, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին Անգլիոյ «հսկաներէն» Մանչեսթըր Եունայթըտը, որ անպայման յաթանակի պէտք ունէր` պահելու Բ. հանգրուանի հասնելու իր յոյսերը, կրցաւ առաջին 18 վայրկեաններուն 2 արագ կոլեր նշանակել` շնորհիւ Կարնաչոյի եւ Պրունս Ֆեռնանտեսի, բայց Կալաթասարայ փոխադարձեց` շնորհիւ մարոքցի Հաքիմ Զիյաշի: Զիյաշի ազատ հարուածը կոլի վերածելու համար մեծ դեր ունեցաւ Եունայթըտի բերդապահ Օնանան, որ զարմանալիօրէն չկրցաւ զսպել հարուածը: Օնանա այս տարեշրջանին քանի մը անգամ սխալներ գործած էր, հակառակ անոր որ շատ լաւ առիթներ ալ կը զսպէր… Աւելի ուշ Սքոթ Մաքթոմինէյ կրցաւ արդիւնքը 3-1-ի բարձրացնել: Եունայթըտ շատ լաւ վիճակի մէջ էր, իսկ թուրքերը կը փորձէին առիթ ձեռք ձգել, բայց Օնանան անգամ մը եւս սխալ մը եւ կոլ մը… անգամ մը եւս Զիյաշի ազատ հարուածէն ետք գնդակը մուտք գործեց Եունայթըտի բերդին մէջ, զարմանալիօրէն: Զիյաշ անգամ մը եւս «ձեռք ունէր» 3-րդ կոլին մէջ, երբ փոխանցեց խմբակիցի մը` նշանակելով 3-3-ի կոլը` անակնկալի բերելով բոլորը:

Այս բոլորէն անդին` Միւնիխի մէջ, Պայերն Միւնիխ, որ 17 յաջորդական մրցումներ յաղթանակներով կ՛աւարտէր 2018-էն ի վեր (Ա. հանգրուանին խմբակներու գծով), անակնկալ արդիւնքով մը կոլ չկրցաւ նշանակել Ֆ. Ք. Քոփենհակընի դէմ մրցումին: Պայերն «սպիտակ հաւասարութեամբ» աւարտեց մրցումը, հակառակ անոր որ «օրիորդ իրաւարարը» 2 յստակ փենալթիներէ «զրկեց» Պայէրնը:

Բ. խմբակին մէջ, Ռիքարտօ Փեփի մրցումի կորսուած վայրկեաններուն գլխու հարուածով նշանակեց ՓՍՎ Այնտհովընի յաղթանակի կոլը` Սեւիայի դէմ: Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Սեւիա բացած էր մրցումին հաշիւը` շնորհիւ 37 տարեկան Սերխիօ Ռամոսի: Ռամոս եղաւ ամէնէն մեծ տարիք ունեցող սպանացի մարզիկը, որ կոլ կը նշանակէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումի մը ընթացքին: Եուսեֆ Նըսէյրի նշանակեց Սեւիլայի 2-րդ կոլը կիսախաղէն ետք, սակայն Լուքաս Օքամփոսի կարմիր քարտէն ետք (2 դեղին քարտ) մրցումին ղեկը փոխուեցաւ, եւ Այնտհովըն 3 կոլ նշանակելով ապահովեց խմբակի 2-րդ տոմսը, որովհետեւ առաջին տոմսը շահեցաւ Անգլիոյ Արսենալ խումբը, որ 6-0 արդիւնքով «ջախջախեց» Ֆրանսայի Լանսը: Քայ Հավերթց, Կապրիէլ Ժեսուս, Պուքայօ Սաքա, Կապրիել Մարթինելլի, Մարթին Օտըկաարտ եւ Ճորճինիօ նշանակեցին Արսենալի 6 անպատասխան կոլերը:

Գ. խմբակին մէջ, Ռէալ Մատրիտ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Իտալիոյ ախոյեան Նափոլիի վրայ:

Ռէալ Մատրիտ վերջին 17 մրցումներուն 16-րդ անգամ ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց իտալական մրցակիցներու դէմ:

Նոյն խմբակին մէջ, Պրակա իր յոյսերը պահեց տոմս մը շահելու յաջորդ հանգրուանի, երբ 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք գերմանական Ունիոն Պերլինէն, կրցաւ հաւասարիլ:

Դ. խմբակին մէջ, Իտալիոյ Ինթեր Միլանը, որ գրեթէ պահեստի մարզիկներով դաշտ ներկայացաւ Պենֆիքայի դէմ 34 վայրկեաններու ընթացքին 3-0 արդիւնքով կը պարտուէր:

22 վայրկեաններու ընթացքին (51-րդ վայրկեանէն սկսեալ) Ինթեր 3 կոլեր նշանակեց շնորհիւ Առնաութովիչի, Ֆրաթեզիի եւ Ալեքսիս Սանչեսի` կէտ մը խլելով Փորթուգալի մէջ:

Ժոաօ Մարիօ նշանակած էր Պենֆիքայի 3 կոլերը:

Արդէն իսկ Չեմփիընզ լիկ»-ի 2 տոմսերը ապահոված Ինթեր եւ Ռէալ Սոսիետատ կը խաղային խումբերու դէմ, որոնք «Եուրոփա լիկ»-ի տոմսին համար կը պայքարին:

Սոսիետատ 0-0 արդիւնքով աւարտեց Ձալցպուրկի հետ մրցումը:

 

 

Նախորդը

Նոր Տարուան Կարօտներ

Յաջորդը

ՖԻՖԱ 17 Տարեկանէն Վար Մոնտիալ. Այսօր` Արժանթին – Մալի Վաղը` Գերմանիա – Ֆրանսա

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?