Սանզ 7 Յաջորդական Յաղթանակներէ Ետք
Պարտուեցաւ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տիթրոյիթի մէջ Փիսթընզի վիճակը աւելի վատթարացաւ:
Արդարեւ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ 44 կէտի տարբերութեամբ ծանր պարտութիւն մը կրած էր Ֆիլատելֆիայի մէջ, շատ տեղին յաղթանակ մը կերտեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դաշտի վրայ, ուր Լըպրոն Ճէյմսի խմբակիցները ձեւով մը փորձեցին Լըպրոնի տրամադրութիւնը բարձրացնել այդ ձախող մրցումէն ետք:
Տ՛Անճելօ Ռասըլլ 35 կէտ նշանակեց, Անթոնի Տէյվիս 28 կէտ աւելցուց, մինչ Լըպրոն` 25: Անթոնի Տէյվիս 16 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց խումբի մը դէմ, որ լուրջ հարցեր ունի մանաւանդ պաշպանելու գծով:
Տիթրոյիթ, որ 28 հոկտեմբերին երկրորդ մրցումը յաղթեց (3 մրցումներու ընթացքին), 1 ամիսէ աւելի որեւէ յաղթանակ չէ կերտած երիտասարդ խումբով, որ կը սպասուէր, որ աւելի լաւ տարեշրջան մը բոլորէ, քան անցեալ տարեշրջանը, ուր 82 մրցումներէն միայն 17-ին յաղթած էր:
Քանատայի մէջ, Ֆէօնիքս Սանզ, որուն վերադարձած էր Քեւըն Տիւրենթ (վիրաւոր), 7 յաջորդական յաղթանակներէ ետք 112-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թորոնթօ Ռեփթըրզէն:
Սքոթի Պարնզ 23 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ: Տիւրենթ իր 30 կէտերէն 11-ը նշանակեց 4-րդ մասին մէջ, բայց Տեւըն Պուքըր իր լաւ օրերուն մէջ չէր: Պուքըր, որ երկուշաբթի օր, 1,7 երկվայրկեան մնացած Նիւ Եորքի դէմ 3 կէտնոց կողով մը նշանակած էր, առիթ ունէր մրցումը հաւասարեցնելու, բայց 50 երկվայրկեան մնացած 3 կէտնոց փորձը ձախող էր: Ան 4 անգամ փորձեց 3 կէտնոց հարուածներ, բայց անոնցմէ ոչ մէկը նպատակին հասաւ: 2 կէտնոց փորձերն ալ յաջող չէին. ան նշանակեց 12-էն 2-ն միայն: Ան մրցումը աւարտեց 8 կէտով:
Գերմանացի Տենիս Շրէօտըր 12 էսիսթ կատարեց` օգնելով Ռեփթըրզին, որ 3 մրցումներէ ի վեր չէր յաղթած: Եուսուֆ Նուրքիչ 19 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սանզի:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 139-120
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 107-133
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆէօնիքս Սանզ 112-105
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 124-114
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 105-91
Տենվըր Նակեթց – Հիւսթըն Ռոքեթց 134-124


