Պէյրութի մարաթոնը, որ տեղի ունեցաւ 12 նոյեմբերին, տարիքային դասաւորումներ ալ ունէր:
Այդ օրուան իրադարձութեան, որուն 14 հազար 399 մարզիկներ մասնակցեցան, գրեթէ անկարելի էր բոլոր արդիւնքներուն հետեւիլ մանրամասնօրէն:
18-19 տարեկան դասաւորումի ծիրին մէջ մասնակցողներուն շարքին փայլեցաւ լիբանանահայ Անթոնի Ժաք Տապաղեանի անունը, որ 42,195 քմ կտրեց 3 ժամ 48 վայրկեան եւ 50 երկվայրկեանի ընթացքին:
Ան այս պատուաւոր դիրքը գրաւեց աւելի քան 7 վայրկեանի առաւելութիւն մը ունենալով իր ամէնէն մօտ մրցակիցին վրայ` իր տարիքի մրցումներուն:
Յոյսով, որ ապագային միջազգային մարաթոններուն ալ կը մասնակցի Անթոնին` բարձր պահելով լիբանանահայութեան անունը:
Նշենք, որ 70-74 տարիքի մրցումներուն, լիբանանահայ վեթերան վազող Լեւոն Թաշճեան, որ աւելի քան 20-րդ անգամն ըլլալով կը մասնակցէր Պէյրութի մարաթոնին, գրաւեց 4-րդ դիրքը: