Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր ժամը 9:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի մրցին Մըթայլեպի դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ Հուսփի եւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի յաղթելէ ետք, պարտութիւն մը կրած էր 3-րդ հանգրուանին ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբէն, այսօր պիտի փորձէ անպայման յաղթանակներու շարքը շարունակել Մըթայլեպի դէմ:
Մըթայլեպ, որ նախապէս յաղթած էր Անդրանիկի, ապա պարտուած` Հուփսէն, եւ 3-րդ հանգրուանին յաղթած «Էն. Էս. Էյ.»-ի, միջակ խումբ մը կը նկատուի, եւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկները իրենց հետ ունենալով հաւատարիմ համակիրներ պէտք է հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեն: Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ մրցակիցը չյարգել, այլ` հանգիստ ջիղով եւ ինքնավստահ խաղալ:


