Լիբանանի Վու շու քոնկ ֆուի ֆետերասիոնը 8 մարզիկներով իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխարհի Վու շու քոնկ ֆուի 2023-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան «Ֆորթ Ուորթ Քընվենշըն Սենթըր»-ի մէջ, Թեքսաս, Միացեալ Նահանգներ:
Աշխարհի 16-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն, Լիբանան գրաւեց 3-րդ դիրքը` կէտերով հաւասարելէ ետք Իտալիոյ հետ, Չինաստանի (առաջին) եւ Վիեթնամի (երկրորդ) ետին:
Սանտայի մրցումներուն, 90 քկ կշիռի ոսկի մետալը շահեցաւ Ժորժ Նաում Սաատէ, որ իր բոլոր մրցումներուն յաղթեց եւ աւարտականին ալ կրցաւ յաղթել քանատացի մրցակից Ճիուզեփէ Վինչենցօ Փիքոլոյի:
85 քկ կշիռի տղոց մրցումներու պրոնզ մետալ շահեցաւ Ժորժ Իտ, իսկ 90 քկ-էն վեր կշիռի մրցումներուն Միշել Զամմար նոյնպէս շահեցաւ պրոնզ մետալ մը:
Աղջկանց Սանտայի 75 քկ կշիռի մրցումներուն, Լիտիա Սալամէ ձեռք ձգեց արծաթ մետալ մը` աւարտականին պարտուելէ ետք Ռիմել Խալիֆիի (Թունուզ) դէմ մրցումին:
Նշենք, որ Թաոլոյի մրցումներուն մասնակցեցաւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան: