Շաբաթ օր, Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 17 տարեկանէն վար պատանիներու 19-րդ մոնտիալի աւարտական մրցումը` Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:
Գերմանիա 29-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումի հաշիւը` շնորհիւ Փարիս Պրունըրի փենալթիին: Բ. կիսախաղին խմբապետ Նոա Տերվիշ 51-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածեց 2-0-ի, բայց Ֆրանսա 2 վայրկեան ետք փոխադարձեց շնորհիւ Սայմոն Նատելիա Պուապրէի: 69-րդ վայրկեանին Ուինըրզ Մարք Օսաուէ իր 2-րդ դեղին քարտը ստացաւ, եւ Գերմանիա ստիպուեցաւ 10 մարզիկներով շարունակել: 85-րդ վայրկեանին Ֆրանսա նշանակեց հաւասարութեան կոլը` Մաթիս Ամուկուի շնորհիւ:
Մօտ 10 յաւելեալ վայրկեաններ, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Պատանիներու մոնտիալին երկարաձգում չկայ, եւ դիմուեցաւ փենալթիներու:
Ֆրանսա նշանակեց իր առաջին փենալթին շնորհիւ Սանտայի, բայց Մորէյրա չկրցաւ խաբել Ֆրանսայի բերդապահ Արկնին: Ֆրանսա իր 2-րդ փենալթին ալ կոլի վերածեց Պունեպի շնորհիւ, մինչ Ռամսաք նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը: Ֆրանսա 3-րդ փենալթին սիւնին հարուածեց եւ կորսնցուց: Գերմանացի Մէօրշթետ նշանակեց Գերմանիոյ 3-րդ փենալթին: Արդիւնք 2-2: Ֆրանսայի 4-րդ փենալթին Մէօփիու հարուածեց, բայց գերմանացի Հայտէ զսպեց: Հարշաուի նշանակեց Գերմանիոյ 4-րդ փենալթին: Թինքըր նշանակեց Ֆրանսայի 5-րդ փենալթին (3-րդ կոլը), մինչ Պրունըրի փենալթին նպատակին չհասաւ: Արդիւնք` 3-3: Մէկական փենալթիները սկսան, եւ Կոմիս չկրցաւ խաբել Հայտէն, որ զսպեց ֆրանսացի մարզիկի փենալթին, մինչ Քապար նշանակեց Գերմանիոյ վճռական փենալթին` շահելով մոնտիալը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Պահեստի բերդապահ Քոնսթանթին Հայտէ, որ 2 փենալթի ալ զսպած էր Արժանթինի դէմ կիսաւարտականին, եղաւ Գերմանիոյ հերոսներէն` զսպելով 2 փենալթի եւս: