Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» 26 Կէտով Ետ Մնալէ Ետք Տալաս 30-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ, Բայց…

Դեկտեմբեր 4, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս շաբաթավերջը քիչ մը պատմական էր: Արդարեւ, Տալասի մէջ տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին, տեղւոյն Տալաս Մեւրիքսը կը մրցէր Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դէմ, որ մրցումը շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ առաջին մասին 33-27 արդիւնքով յառաջացաւ: Տալաս, որ առանց Քայրի Ըրվինկի կը մրցէր, 2-րդ մասին 10 կէտի առաւելութեամբ աւելի եւս ետ մնաց:

3-րդ մասին արդէն տարբերութիւնը 26-ի հասած էր, 4-րդ մրցումին սկիզբը Տալաս յաջորդական 30 կէտ նշանակեց առանց կէտ ստանալու, մրցանիշ մը, որ վերջին անգամ 2009-ին Քլիվլենտ կատարած էր Միլուոքի դէմ` 29 կէտեր նշանակելով (նախկին մրցանիշը):

Հակառակ այս իրագործումին, Տալաս մրցումի վերջին վայրկեանին տեղի տուաւ եւ 2 կէտով յառաջանալէ ետք 120-118, 8 յաջորդական կէտեր ստացաւ Թանտըրի խաղցողներէն:

Լուքա Տոնչիչ, որ մրցում մը առաջ հանգիստ ըրած էր, Քայրի Ըրվինկը առանձին ձգելով 36 կէտ, 18 էսիսթ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տերեք Ճոնզ Ճունիըր (24 կէտ) եւ Տերեք Լայվլի (20 կէտ եւ 16 ռիպաունտ) եղան Տալասի մնացեալ աստղերը:

Թանտըրի կողմէ Ճէյլըն Ուիլիըմս (23 կէտ), Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր (17 կէտ, 9 էսիսթ), Քէյսըն Ուալաս (15 կէտ) եւ Չեթ Հոլմկրեն (11 կէտ, 11 ռիպաունտ) եղան օրուան լաւագոյն մարզիկները:

Շաբաթավերջի երկրորդ պատմական իրավիճակը պատահեցաւ, երբ Ֆէօնիքս Սանզի աստղերէն Քեւըն Տիւրենթ մուտք գործեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաւելագոյն կէտ նշանակողներու լաւագոյն 10-ի ցանկին մէջ:

Ան կրցաւ Մոզըս Մալոնի ընդհանուր կէտերու հաշիւէն (12,423) աւելի նշանակել եւ այժմ ունի 27,450 կէտ:

Իր վերջին մրցումին` երէկ, Տիւրենթ 27 կէտ նշանակեց: Ֆէօնիքս, որ Մեմֆիսի դէմ կը մրցէր, կրցաւ 116-109 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ` արձանագրելով 12-րդ յաղթանակը 20 մրցումներու ընթացքին:

Տեւըն Պուքըր եղաւ Ֆէօնիքսի օրուան թիւ 1 աստղը` նշանակելով 34 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ:

Մեմֆիս Կրիզլիզէն Ճերըն Ճեքսըն 37 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պէյն Տեզմընտ 27 կէտեր աւելցուց ի նպաստ Կրիզլիզի, որ քանի մը անգամ յառաջ անցաւ, բայց ի վերջոյ տեղի տուաւ Ֆէօնիքսի առջեւ:

Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտերը նշանակեց Միքալ Պրիճս, եւ իր խումբը` Պրուքլին Նեթց, 129-101 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Օրլանտօ Մեճիքի դէմ:

Ստորեւ` շաբաթավերջի արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 130-125
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 106-119
Տալաս Մեւրիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ 94-108
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 125-119
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 121-106
Ֆէօնիքս Սանզ – Տենվըր Նակեթց 111-119
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 113-112

ԵՐԷԿ

Չարլոթ Հորնեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 117-123
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 101-110
Պրուքլին Նեթց – Օրլանտօ Մեճիք 129-101
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 124-118
Մայեմի Հիթ – Ինտիանա Փէյսըրզ 129-144
Միլուոքի Պաքս – Աթլանթա Հոքս 132-121
Տալաս Մեւրիքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 120-126
Ֆէօնիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 116-109
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 118-113
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տենվըր Նակեթց 123-117
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Հիւսթըն Ռոքեթց 107-97

 

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023-ի 11-րդ Թիւը

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Միասնութիւն` Յանուն Միասնական Շահի Եւ Հեռանկարի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?