ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը, որ կը շարունակէ իր պատրաստութիւնները իր մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի գլխաւորութեամբ եւ քանի մը փորձ-մրցումներ կը կատարէ շաբաթական դրութեամբ, ինչպէս նաեւ լաւ պատրաստուելու համար 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ընտրած է ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» դաշտէն աւելի մեծ դաշտ, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստութիւն ըլլայ ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի դաշտը ակադեմական փորձերու համար աւելի յարմար է:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի տղաքը իրենց վերջին փորձ-մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին Հիլալ Նասր խումբին հետ, որ նախապէս շահած էր Լեռնալիբանանի բաժակի մրցաշարքը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 15 տարեկանէն պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի տղաքը առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրելէ ետք 6-1 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեցին Սաֆա Շուէյֆաթի վրայ:


