Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը կ՛ուզէ ամէն գնով ազատիլ միջնապահներ Ճէյտըն Սանչոյէն եւ Տոնի Վան տը Պիքէն` ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ:
Իտալիոյ Եուվենթուս ակումբը պատրաստ է միջնապահ զոյգը ձեռք ձգելու 26 միլիոն անգլիական փաունտի փոխարէն:
Սանչօ դաշտ չէ ներկայացած անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր, երբ մարզիչ Թեն Հակի հետ անհամաձայնութիւն երեւան եկաւ, մինչ Վան տը Պիք միայն 1 ելոյթ ունեցաւ Եունայթըտի շապիկով այս տարեշրջանին:
Մինչ այդ, Եունայթըտ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Նիսի պաշտպան Ժան-Քլեր Թոտիպոն, մանաւանդ որ պաշտպանողական լուրջ հարցեր ունի, ուր «Չեմփիընզ լիկ»-ի 5 մրցումներուն 14 կոլեր ստացած է, եւ Թոտիպօ կրնայ շատ բան փոխել:
Պայերն Միւնիխ կը մտածէ բերդապահ Մանուէլ Նոյըրը փոխարինելու թեկնածուներու մասին, ապագայի իմաստով: Թեկնածուներու կարգին են Ա. Սէ. Միլանի բերդապահ Մայք Մենիան, Զուիցերիոյ եւ Տորթմունտի մարզիկ Կրեկոր Քոպել եւ Շթութկարթի փոխ տրուած բերդապահ Ալեքսանտր Նուպըլ:


