Ակնարկ մը` Եուրօ 2024-ի մրցաշարքի վիճակաձգութիւններէն ետք, ուր 6 խմբակներու բաժնուեցան 24 խումբեր, որոնց 3-ը տակաւին յստակ չեն, եւ պիտի յայտնուին 26 մարտ 2024-ին:
Ա. խմբակ.- Գերմանիա, Սկովտիա, Հունգարիա եւ Զուիցերիա: Սկովտիա լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի, երբ բացման մրցումին պիտի մրցի հիւրընկալ Գերմանիոյ դէմ, որ շատ ճնշումի տակ կը գտնուի, եւ պահանջ կայ անպայման յաղթանակի: Եուլիան Նակըլզմանի մարզիչ նշանակումէն ետք բաւական բան կը սպասուէր, սակայն վերջին երկու բարեկամական մրցումներու պարտութիւններէն ետք, Թուրքիոյ եւ Աւստրիոյ դէմ մրցումներուն ահաւոր ճնշումի տակ դրուեցաւ: Խումբը խաղաոճ փոխելու մթնոլորտին մէջ է, մինչ Սկովտիան «լաւ իւղոտած մեքենայ» մըն է մարզիչ Սթիւ Քլարքի հետ, եւ մթնոլորտ մը կայ, որ Սկովտիա պատրաստ է անակնկալի բերելու Գերմանիան:
Զարմանալի չ՛ըլլար, եթէ Հունգարիա գրաւէ խմբակի առաջին դիրքը, մանաւանդ որ հաստատ քայլերով զտումի մրցումները շահեցաւ, գրաւեց իր խմբակի պարագլուխի դիրքը: Եուրօ 2020-ին Միւնիխի մէջ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Գերմանիոյ հետ, եւ մօտ 18 ամիս առաջ, Ազգային խումբերու լիկայի մրցումներուն Անգլիոյ դէմ 4-0 եւ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր: Զուիցերիա կ՛ամբողջացնէ խմբակը, բայց պէտք է բարելաւէ իր ելոյթները` «դիմանալու» համար այս խմբակին մէջ: Լաւ սկսելէ ետք զտումի մրցումներուն, Զուիցերիա հաւասարութիւններ արձանագրեց Պիելոռուսիոյ, Իսրայէլի եւ Քոսովոյի հետ եւ պարտութիւն մը` Ռումանիոյ դէմ: Բայց անոնց փորձառութիւնը կրնայ ըլլալ իրենց ուժը` դուրս գալու այս խմբակէն:
Բ. խմբակ.- Սպանիա, Խրուաթիա, Իտալիա եւ Ալպանիա: Ալպանիոյ մարզիչ Սիլվինիօ, որ հռչակ ստացած էր իբրեւ Արսենալի մարզիկ, վիճակաձգութենէն առաջ խօսած էր «երազներ իրականացնել»-ու մասին: Այս ամէնէն դժուար խմբակներէն մէկէն սակայն յառաջդիմելը քիչ մը «հեքիաթային» կրնայ ըլլալ, հակառակ անոր որ Ալպանիա զտումի մրցումներուն կրցաւ գերազանցել Չեխիան եւ Լեհաստանը` բոլորին ուշադրութիւնը գրաւելով: Իտալիա երկուքուկէս տարի առաջ ախոյեան դարձած խումբին «շուք»-ն է միայն, եւ անշուշտ կ՛ուզէր խուսափիլ Սպանիոյ եւ Խրուաթիոյ խմբակէն, հակառակ որ այս վերջինը պէտք ունի վերջին անգամ ըլլալով պաշտօնական մրցաշարքի մասնակցող Լուքա Մոտրիչի (38 տարեկան) բարձր մակարդակի ֆութպոլին, եթէ կ՛ուզէ դուրս գալ այս խմբակէն: Թուղթի վրայ Սպանիան իր 3 մրցակիցներէն աւելի զօրաւոր կը սեպուի, հակառակ որ անոր պատրաստութիւնը խոչընդոտի հանդիպեցաւ անցեալ ամիս, երբ Պարսելոնայի աստղերէն Կաւի ծունկի լուրջ գործողութեան ենթարկուեցաւ, եւ շատ հաւանաբար չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Սպանիոյ ազգային խումբին հետ, մինչեւ որ մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէ կարենայ լաւ փոխարինող մը գտնել:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Անգլիա, Դանիա, Սլովենիա եւ Սերպիա: Անգլիոյ մարզիչ Կարեթ Սաութկէյթ կրնայ ըլլալ դէմքը թթուեցուց, երբ Դանիոյ անունը կարդացուեցաւ վիճակաձգութեան պահուն, մինչ Սլովենիա եւ Սերպիա թուղթի վրայ աւելի դիւրին մրցակիցներ են, հակառակ անոր որ երկու արեւելեան խումբերն ալ կրնան անակնկալներ արձանագրել: Սերպիա, որ յարձակողական շատ կարողութիւններ ունի, բայց այլ դիրքերու վրայ` ոչ այնքան լաւ, պիտի փորձէ առնուազն 2-րդ դիրքի համար պայքարիլ:
Սերպիոյ մարզիչ Տրական Սթոյքովիչ յոյսով է, որ յառաջապահ Ալեքսանտր Միթրովիչ իր մակարդակը չկորսնցնէ Անգլիան լքելով մեկնելէ ետք Սէուտական Արաբիա: Դանիա առիթ ունի «վրէժ լուծելու» Անգլիայէն, երբ 2020-ի կիսաւարտականին ձեւով մը ինքզինք «օգտագործուած» զգաց Անգլիոյ դէմ մրցումին, սակայն Դանիոյ ներկայութիւնը աւելի կրնայ շեշտուիլ Սլովենիոյ դէմ մրցումին: Զտումի մրցումներուն իրար դէմ մրցումին, Դանիա 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սլովենիոյ, գրաւած էին խմբակի առաջին դիրքը: Եթէ Անգլիա Սերպիոյ կամ Դանիոյ դէմ կէտ կորսնցնէ, շատ ալ հաճելի պիտի չըլլայ վերջին օրը` Սլովենիոյ դէմ մրցելու. վերջինս կրնայ անակնկալ մը արձանագրել:
Դ. խմբակ.- Ֆրանսա, Աւստրիա, Նետերլանտներ եւ փլէյ-օֆէն խումբ մը (հաւանաբար Կալես): Կը սպասուի, որ Ֆրանսա շատ հանգիստ հասնի վերջին հանգրուաններու, սակայն կրնայ անակնկալի մատնուիլ քիչ մը անսովոր ելոյթներ ունեցող խմբակիցներու դէմ: Անոնք կրնան դժուարութիւն ունենալ Նետերլանտներու դէմ, որ զտումին Ամսթերտամի մէջ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:
Նետերլանտցի մարզիչ Ռոնալտ Քէօման եթէ կարենայ իր տաղանդաւոր տղոց հետ լաւ խմբակ մը կազմել, անոնք կրնան շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերել: Պէտք չէ անտեսել Աւստրիան, որ շատ տոկուն խումբ մըն է մարզիչ Ռալֆ Ռանյիքի հետ, բան մը, որ տեսանք բարեկամական մրցումի մը Գերմանիոյ դէմ եւ զտումի մրցումներուն Պելճիքայի դէմ: Եթէ Կալես հասնի փլէյ-օֆին (իր դէմ ունի Ֆինլանտան, ապա Լեհաստան – Էսթոնիա մրցումին յաղթականը) դժուար լեռ մը ունի մագլցելիք, մանաւանդ անցեալ տարի մոնտիալի ձախող ելոյթէն ետք: Ֆրանսան պիտի փորձէ առաջին 2 մրցումներէն ետք ապահոված ըլլալ իր տոմսը` չխաղցած Կալեսի դէմ… Անշուշտ հասնելու պարագային:
Ե. խմբակ.- Պելճիքա, Սլովաքիա, Ռումանիա եւ փլէյ օֆէն խումբ մը: Այս խմբակը մեծապէս հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Ուքրանիա կրնա՞յ Իսրայէլին յաղթել, ապա Իսլանտա – Պոսնիա յաղթականին դէմ ալ, որ կրնայ լաւ լուր ըլլալ խմբակիցներուն: Սերկէյ Ռեպրովի խումբը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ Պելճիքա քիչ մը դժուարութիւն ունենայ խմբակին մէջ, մանաւանդ որ Պելճիքայի մարզիչ Տոմենիքօ Թետեսքօ, հակառակ հանգիստ զտումի մրցումներուն, տակաւին չէ գտած ատակ մարզիկներ, որ նախկին սերունդը կապէ նորին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու… Արդէն անցեալ մոնտիալին կանուխ հրաժեշտ տալը ատոր պակասն էր: Ռումանիա, որ վերջին տարիներուն այսքան լաւ ֆութպոլ չէր խաղցած եւ անհաւատալի կայուն խումբ մըն է, իր մարզիչ Էտուարտ Եորտանեսքուի հետ կրնայ անակնկալներ գործել այս Եուրոյին, սակայն փորձառութեան պակասը կրնայ ժխտական ազդել այս «երազին»: Սլովաքիա, որ Փորթուգալի դէմ 2 լաւ ելոյթներ ունեցաւ զտումներուն, յոյսով է Սքրինիարի, Լոպոքթայի եւ Տուտայի ուժերը մէկտեղելով արդիւնք հնձել Եուրօ 2024-ին:
Զ. խմբակ.- Փորթուգալ, Թուրքիա, Չեխիա եւ փլէյ օֆէն խումբ մը: Ռոպերթօ Մարթինես եւ Փորթուգալ, որ զտումին 10 մրցումներէն առաւելագոյն կէտերը խլեցին, շատ հաւանաբար կրնան հանգիստ ձեւով հասնիլ յաջորդ հանգրուան: Հաւանաբար Յունաստան միանայ այս խումբերուն փլէյ օֆէն, կրնայ վերյիշեցնել 2004-ի Եուրոն, երբ զոյգ խումբերը` Յունաստան եւ Փորթուգալ 2 անգամ (աւարտականին ալ) եւ Չեխիա անակնկալի առջեւ գտնուեցան օրուան մարզիչ Օթօ Ռեհակըլի խումբին դիմաց: Այս անգամ Թուրքիա կրնայ ըլլալ վտանգաւոր մրցակից մը, երբ «սեւ ձիեր» որակած էին իրենց 2021-ին, բայց իրենց վերջին ելոյթները մարզիչ Վինչենզօ Մոնթելայի հետ այդ մէկը փաստեց, բարեկամական 2 մրցումներուն` Գերմանիոյ եւ Խրուաթիոյ դէմ յաղթելէ ետք: Չեխիա, որուն խմբապետ Թոմաս Սուչեք ամէնէն յայտնի մարզիկն է, աստղերէ զուրկ խումբ մըն է, եւ երբեմն զտումի մրցումներուն միջակ ելոյթներ ունեցաւ: Պէտք է պայքարի 3-րդ դիրքին համար միայն: