Այսօր` Չեմփս – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Ուրբաթ գիշեր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 68-54 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Մըթայլեպի դէմ մրցումին:
Փերլա Նասր 28 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ արձանագրեց, Փաթիլ Ասատուրեան աւելցուց, 23 կէտ, 5 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ կատարեց: Եաշա Զէյնուն 6 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին Չեմփսի Հազմիէի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի մրցին տեղւոյն Չեմփսի դէմ, որ ՀՄԸՄ-ի ետին 4-րդ դիրքը կը գրաւէ: