Գերմանացի հայազգի բռնցքամարտիկ Լէոն Հարթ ուրբաթ օր դասուեցաւ 2-րդ դիրքի վրայ «Ուորլտ Պոքսինկ Էսոսիէյշընզ» (WBA) բռնցքամարտի միութեան կողմէ, մինչեւ 101,6 կշիռքի մարզիկներու կողքին:
Քրուզըր Ուէյթի (ծանր կշիռի) գծով առաջին դասած է ռուս Եւկենի Թիշչենքօ: Նշենք, որ Բռնցքամարտի համաշխարհային միութիւնը (WBA) հետեւած է «Ուորլտ Պոքսինկ Քաունսըլ»-ին (WBC)` այս նոր կշիռի դասաւորումը օգտագործելու:
9 դեկտեմբերին Տուպայի մէջ առաջին 2 դասուած բռնցքամարտիկները` Թիշչենքօ եւ Լէոն Հարթ իրար դէմ պիտի մրցին Աշխարհի ախոյեանութեան գօտիին համար: