Տեքլըն Ռայսի կոլը 97-րդ վայրկեանին փրկեց Արսենալը, որ Լիւթըն Թաունի դաշին վրայ 3 կոլ ստացած էր:
Արսենալ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով «ցնցուած» էր այսքան արագ եւ աշխուժ Լիւթընի դէմ մրցումին, եւ հաւանական էր, որ 1 կէտով հեռանար դաշտէն, բայց միջնապահ Տեքլըն Ռայսի գլխու հարուածը փրկեց կացութիւնը, եւ Արսենալ 4-3 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Լիւթընէն:
Ասիկա Արսենալի համար յաջորդական 4-րդ յաղթանակն էր «Փրեմիէր լիկ»-ի գծով, բայց ցաւալի արդիւնք էր Լիւթընի համար, որ 2 անգամ ետ մնալէ ետք յառաջ անցած էր:
Արսենալ այժմ 9 կէտ շահած է շնորհիւ վերջին 5 վայրկեաններուն յաղթանակի կոլեր նշանակելուն:
«Լիւթըն բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ, եւ բնաւ պէտք չէ անտեսել անոր կարողութիւնները», ըսաւ Ռայս` աւելցնելով. «Վերջին վայրկեանին կոլ նշանակելը եւ բնաւ չյանձնուիլը մեծ բան էր մեզի համար: Այս պահերը անմոռանալի կ՛ըլլան: Ի՛նչ լաւ մրցում էր. յաղթանակի կոլը նշանակելը պատիւ էր ինծի համար»:
20-րդ վայրկեանին, Մարթինելլի նշանակեց Արսենալի կոլը, որմէ 5 վայրկեան ետք Օշօ նշանակեց Լիւթընի հաւասարութեան կոլը: 45-րդ վայրկեանին Կապրիէլ Ժեսու նշանակեց Արսենալի 2-րդ կոլը: Լիւթըն շնորհիւ Ատեպայոյի եւ Պարքլէյի 2 յաջորդական կոլեր նշանակեց, բայց գերմանացի հավերց նշանակեց հաւասարութեան կոլը` 3-3: