Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Լէյքըրզը Առաջնորդեց Կիսաւարտականի

December 7, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լըպրոն Ճէյմս իր 31 կէտերէն 15-ը նշանակեց 4-րդ մասին, եւ Լէյքըրզ հասաւ կիսաւարտականի` «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Ին սիզըն» մրցաշարքին:

Անթոնի Տէյվիս 27 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, իսկ Օսթըն Ռիվզ նշանակեց 20 կէտ ի նպաստ Լէյքըրզի, որ ամէնէն բարձր դասուած խումբն է այս մրցաշարքին: Լէյքըրզ պիտի մրցի Նիւ Օրլինզի դէմ, հինգշաբթի, Լաս Վեկասի մէջ, մինչ Միլուոքի, որ դուրս ձգեց Նիւ Եորք Նիքսը, պիտի մրցի Ինտիանայի դէմ:

«Աշխարհի ամէնէն լաւ մարզիկները «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ կը գտնուին, եւ եթէ առիթ տրուի, այս ձեւի կարեւոր կամ իմաստալից մրցաշարքերու կրնաք այս ձեւի մակարդակ դիտել», ըսաւ Լըպրոն Ճէյմս, որ 11 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Քեւին Տիւրենթ 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆէօնիքս Սանզի, եւ վերջին երկվայրկեանին 3 կէտնոց կողով նշանակելու առիթ կորսնցուց, ինչ որ կրնար հաւասարեցնել մրցումին արդիւնքը:

Տեւըն Պուքըր մրցումի աւարտէն 29 երկվայրկեան առաջ 102-101-ի նուազեցուց արդիւնքը, բայց Ռիվզի 3 կէտը արդիւնքը դարձուց 105-101` 15 երկվայրկեան մնացած: Տիւրենթի լէյ-ափէն ետք, Ճէյմս թայմ աութ պահանջեց, հակառակ որ Պուքըր գնդակը «գողցաւ» Ռիվզէն: «Սուլիչը սխալ էր, քանի գնդակը կը խաղցուէր… Չեմ գիտեր ինչու ամէն ինչ կրնանք վիտէոյի վրայ վերատեսութեան ենթարկել, բայց այս կէտը` ոչ», ըսաւ Ֆէօնիքսի մարզիչ Վոկըլ:

Միւս մրցումին, Միլուոքի Պաքս շնորհիւ Եաննիս Անթեթոքումփոյի 35 կէտերուն (10 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ) կրցաւ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Նիւ Եորք Նիքսի դէմ` 146-122 արդիւնքով: Ճուիըս Ռենտըլ 41 կէտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորքի:

Նախորդը

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Ահաւոր Երկրաշարժը Ցնցեց Համայն Հայութիւնը

Յաջորդը

Տեքլըն Ռայս Փրկեց Արսենալը

RelatedPosts

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի  Հաշմանդամ Մարզիկներուն
Մարզական

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի Հաշմանդամ Մարզիկներուն

November 3, 2026
Նշանառութիւն.  Տոհայի Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Նշանառութիւն. Տոհայի Մէջ Սկսաւ Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

November 3, 2026
Թենիս.  Ալինա Չարայեւա Շահեցաւ Քուրմայորի Թենիսի Մրցաշարքը
Մարզական

Թենիս. Ալինա Չարայեւա Շահեցաւ Քուրմայորի Թենիսի Մրցաշարքը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.